ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ, Ազգային Ժողովի փոխխօսնակ եւ «Դիմադրութիւն» շարժումի առաջնորդներէն Իշխան Սաղաթէլեան «Փաստինֆo»_ի եթերին յայտնած է, որ շարժումը պիտի աւարտի միայն այն պարագային, երբ Փաշինեան կը հեռանայ:Նիկոլին երթալու օրը հեռու չէ ։
 
Գործիչի արձանագրումով` պայքարի բոլոր հիմքերը ստեղծած են, երկրի մէջ իրավիճակ փոխած են, քաղաքական ճգնաժամը ակնյայտ է: «Ունինք հսկայական ձեռքբերումներ, եկէք այս ամէնը արձանագրենք, ու երթանք զարգացման ճանապարհ», ըսած է Սաղաթէլեան։
 
Անոր խօսքով, շարժումը փոխած է ռազմավարութիւնը, եւ եղանակային տաք պայմաններէն մեկնելով պիտի ըլլայ գործողութիւններու նոր մարտավարութիւն, քայլերու նոր ծրագիր։ «Ետ քայլ չկայ, պիտի շարունակենք մեր պայքարը, եւ վստահ եղէք, որ իր յաղթական աւարտին պիտի հասնի այս շարժումը», վստահեցուցած է բանախօսը։
 
Ի. Սաղաթէլեանի դիտարկումով, իշխանութիւնները շարունակ կը խաբեն ու կը մոլորեցնեն մեր ժողովուրդը, կ’օգտագործեն թրքահպատակ մետիայի աղբիւրները ու կը տարածեն ամենաաղտոտ սուտերն ու կեղծ լուրերը իրենց մասին։
 
Սաղաթէլեան բացառած է Փաշինեանի պաշտօնավարման օրով նոր արտահերթ ընտրութիւններու իրականացումը` վստահեցնելով, որ իրբրեւ ճգնաժամի լուծման ելք նման տարբերակի չեն համաձայնած:
 
Բանախօսը անդրադարձած է նաեւ ներքին ու արտաքին քաղաքական այլ ուշագրաւ նիւթերու։