Արցախի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է, որ փոքր երկիրներու համար, յատկապէս անոնց, որոնք շրջապատուած են թշնամի դրացիներով, առանցքային աշխարհաքաղաքական հարցը իրենց աշխարհաքաղաքական գործօն ըլլալու պահպանումն է։ Աշխարհաքաղաքական գործօն ըլլալու կարեւորագոյն բաղադրիչներէն է սկզբունքայնութիւնը։
Սկզբունքայնութեան եւ արժէքային բաղադրիչներու բացակայութիւնը պետութիւնն ու ժողովուրդը կը զրկէ աշխարհաքաղաքական ինքնավարութենէն ու իւրայատկութենէն։ Նման պետութիւն կը դառնայ աշխարհաքաղաքական «խորտիկ» դրացիներու, յատկապէս սկզբունքային եւ հաւակնոտ դրացիներու համար։
 
Արցախն ու Հայաստանը կը գտնուին բարդ իրավիճակի մէջ, որ աւելի արդիական կը դարձնէ աշխարհաքաղաքական գործօնի կարգավիճակի պահպանման եւ սկզբունքներուն հաւատարիմ մնալու հրամայականը»։