Ֆրանսայի հրապարակին վրայ 14 Յունիսին տեղի ունենալիք «Դիմադրութիւն» շարժումի հանրահաւաքին ներկայացուեցան յառաջիկայ ծրագիրները, շարժումը ընդլայնելու ծրագիրը, ինչպէս նաեւ արձանագրուեցան այս ժամանակահատուածին իրականացուցած ձեռքբերումները։ Այս մասին NEWS.am-ի հետ զրոյցին ըսաւ ԱԺ փոխնախագահ, ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան։
 
«Ես հանրահաւաքներէն մէկուն ընթացքին ըսած էի, որ այս նիւթով գործուն քննարկումներ սկսած ենք շարժումին մաս կազմող ուժերու, անհատներու հետ։ Այդ գործընթացը աւարտած ենք, բոլոր տեսակէտները ամբողջացուցած ենք, այսօր ներկայացուցինք մեր ընդհանուր ծրագիրը, որ կը կարծենք՝ շարժումին նոր լիցք եւ ուժ տալու ծրագիրն է։
 
Շարժումը դադար պիտի առնէ միայն այն օրը, երբ ընդհանուր նպատակին հասած պիտի ըլլանք։ Այսինքն՝ պիտի կանխենք Հայաստանի նոր յանձնողականութիւնը եւ պիտի հեռացնենք օրուան իշխանութիւնը։ Փողոցային պայքարը, շարժումը դադրեցնելու, հանգստանալու որեւէ այլ տարբերակ շարժումը սկսելու օրուընէ ետք չենք քննարկած։
 
Ստեղծուած իրավիճակը, բազմաթիւ հանգամանքները, ձեռքբերումները եւ բացթողումները գնահատելով՝ շարժումը պիտի տանինք յառաջ. փողոցային պայքարը երբեք պիտի չդադրի, բայց պայքարի մէջ փոփոխութիւններ պիտի ըլլան», ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան։