Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու բաժինը յայտնեց, որ 21 Յունիսին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան հրաւիրած է աշխատանքային խորհրդակցութեան:
Խորհրդարանի ղեկավարը ներկայացուցած է օրերս Ֆրանսա կատարած իր այցելութեան արդիւնքները:
Այցելութեան շրջագիծին մէջ Ազգային ժողովի նախագահը հանդիպումներ ունեցած է հայ համայնքի համանախագահներու, ֆրանսացի քաղաքական գործիչներու եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներու, Արցախ-Ֆրանսա բարեկամական շրջանակի նախագահ Ֆրանսուա Փուփփոնիի եւ Աթլեթիզմի Հայաստանի ֆետերասիոնի նախագահին հետ:
Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուած են միացեալ նոր ծրագիրներ, նախանշուած են անոնց իրագործման ուղիները:
Խորհրդակցութեան ընթացքին Լիբանան եւ Կիպրոս կատարած այցելութեան մասին հակիրճ հաշուետուութեամբ հանդէս եկած է «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Մոսիեան:
Ան շեշտած է, որ յագեցած հանդիպումներու ընթացքին քննարկուած են ծրագիրներ՝ հետագայ համագործակցութեան համար: Այս առումով Ա. Մոսիեան յատկապէս կարեւոր նկատած է օտարերկրեայ քաղաքական գործիչներու հետ հանդիպումները: