Շաբաթ, 26 Յունիս 2022-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի բարեջան Առաջնորդ Տէր Մասիս Ս. Եպս. Զօպուեանի գլխաւորուած պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ.Վարչութեան ատենապետ մեթր.Սունպուլ Սունպուլեան, Հալէպի վաճառականական գրասենեակի անդամ Յարութ Չամիչեան եւ փաստաբաններ` Մարիա Գաբրիէլեան, Նորա Գրաճեան եւ Պայքար Թովմասեան հանդիպում ունեցան Հալէպի գլխաւոր առաջին դատախազ Աամար Մաուալտիի եւ Հալէպի հանրային դատախազութեան նախագահ դատաւոր Ճորճ Ապտուլ Ճալիլի հետ:
Պաշտօնական կարգուձեւային արտայայտութիւններու փոխանակումէ ետք, ներկաները քննարկեցին քաղաքացիները մտահոգող կենսական խնդիրներ, ուր երկրի դիմագրաւած ծանր պայմանները նկատառելով հանդերձ յոյս տածեցին իրավիճակի հնարաւորինս արագ բարեկարգման առնչութեամբ:
Գլխաւոր դատախազը անդրադարձաւ սուրիահայութեան ընդհանրապէս եւ հալէպահայութեան մասնաւորապէս երկրին բարգաւաճման աշխատանքներուն մէջ ունեցած վաստակաբեր ներդրումին եւ յանուն երկրի բարօրութեան համագործակցութեան պատրաստակամութիւն յայտնեց: