Տնօրինութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, Կիրակի, 26 Յունիս 2022-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ճեզիրէի շրջանի, Հալէպի, Լաթաքիոյ եւ Քեսապի բոլոր եկեղեցիներէն ներս, յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին Հայրապետական Մաղթանքի արարողակարգ կատարուեցաւ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Գահակալ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին կաթողիկոսական ընտրութեան եւ օծման 27-րդ տարեդարձին առիթով:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հանդիսապետեց Հալէպի Սրբ. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին եւ Հայրապետական Մաղթանքի արարողակարգ կատարեց, ներկայութեամբ՝ Ազգ. Վարչութեան անդամներու եւ հաւատացեալ ժողովուրդին, որոնք իրենց երախտագիտութիւնը արտայայտելու եկած էին ազգընտիր հովուապետին գահակալութեան 27-րդ տարեդարձին առիթով:
 
Օրուան պատարագիչն էր՝ Արժ. Տ. Գառնիկ Քհնյ. Չափանեան: Պատարագի հոգեպարար երգեցողութիւնը կատարեց՝ եկեղեցւոյ դպրաց դասը, ղեկավարութեամբ՝ դպրապետ Բարշ. Կարօ Սրկ. Պալեանի:
 
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը օրուան պատգամին մէջ ընդգծելով ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին գահակալութեան 27-ամեակը, ըսաւ. «Ինչպէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բոլոր թեմերուն մէջ, նոյնպէս մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ մասնաւոր արարողակարգով կատարեցինք Հայրապետական Մաղթանք, որուն ընդմէջէն աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած խնդրեցինք, որ Տէրը մեր Հոգեւոր Պետին պարգեւէ կատարեալ առողջութիւն, համբերութիւն եւ արեւշատութիւն, որպէսզի յառաջիկայ տարիներուն եւս որպէս հովուապետ կարողանայ շարունակել իրեն վստահուած նուիրական եւ սրբազան առաքելութիւնը»:
Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ անցնող 27 տարիները թէեւ ծառայութեան եւ ծաղկումի տարիներ հանդիսացան, սակայն մարտահրաւէրներն ու դժուարութիւնները անպակաս եղան։
 
Անդրադառնալով Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան արարողակարգին, Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ բոլոր թեմերէն ուխտաւորներ, ազգայիններ եւ առաջնորդներ յառաջիկայ օրերուն պիտի ուղղուին Անթիլիաս՝ մասնակցելու Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ տեղի ունենալիք Միւռոնօրհնէքի արարողութեան, որուն ընդմէջէն կոչուած ենք մեր հաւատքը վերանորոգելու եւ մեր ծառայութիւնը շարունակելու Անթիլիասէն մինչեւ հոն, ուր մեր ժողովուրդին ձայնը կը լսուի: Ան նշեց, թէ Միւռոնօրհնէքէն ետք Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ պիտի գումարուի միաբանական ընդհանուր ժողով, որուն պիտի մասնակցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բոլոր միաբանները։
 
Մասիս Եպիսկոպոս ժողովուրդին ձայնակցութեամբ աղօթք բարձրացուց առ Ամենաբարին Աստուած, որպէսզի Տէրը պահէ ու պահապանէ Հայ Եկեղեցին, Վեհափառ Հայրապետը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բոլոր թեմերը եւ հոգեւորականները: Ան մաղթեց, որ Ամենակալը հաստատուն պահէ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին, առաւել զօրացնէ Բերիոյ Հայոց Թեմը իր հոգեւորականաց դասով, ազգային իշխանութեամբ եւ ժողովուրդի զաւակներով, ինչպէս նաեւ ծաղկեցնէ եւ զօրացնէ հայ ժողովուրդը, մեր հայրենիքը՝ Հայաստանը, Արցախը եւ սփիւռքը:
Պատարագի աւարտին, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ ննջեցեալներու հոգիներուն խաղաղութեան համար։