Դամասկահայ մեթր Ատիս Տէիրմէնճեան իր թեկնածութիւնը առաջադրած է Սուրիոյ խորհրդարանական լրացուցիչ ընտրութիւններուն։
Ատիս Տէիրմէնճեան ծնած է Դամասկոս 1971-ին, նախակրթական եւ միջնակարգ ուսումը ստացած է Ազգ. Թարգմանչաց վարժարանէն, երկրորդական ուսումը Իւսէֆ ալ-Ազմայի երկրորդական վարժարանէն։
Անդամ եղած է ՀՄԸՄ-ի, ՍԵՄ-ի եւ Համազգային Հայ Մշակութային Միութեան։
Զինուորական ծառայութիւնը աւարտելէ ետք զբաղած է առեւտուրով, ապա աւարտած է Դամասկոսի իրաւաբանական համալսարանը։ Անդամ է փաստաբաններու արհմիութեան Դամասկոսի մասնաճիւղին։
Ներկայիս կ՚աշխատի որպէս փաստաբան։ Յաջողութիւն կը մաղթենք ու կը զօրակցինք մեթր Ատիս Տէիրմէնճեանին եւ մեր համայնքի զաւակները կը հրաւիրենք կատարելու իրենց քաղաքացիական պարտականութիւնն ու մասնակցելու ընտրութեան։