“Ապառաժ”._ 25 Յունիսին Պաքուի մէջ մեկնարկած էր Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Ճէյհուն Պայրամովի եւ Սերկէյ Լաւրովի հանդիպումը: Հակառակ Ուաշինկթընէն հնչող պնդումներուն, թէ Ամերիկան պատրաստ է շարունակելու գործակցութիւնը Մոսկուայի հետ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբին մէջ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը Պաքուի մէջ կրկին պնդած է՝ բանակցային այդ ձեւաչափը այլեւս գոյութիւն չունի։
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարին կողմէ օգտագործուած է նաեւ «յետհարցերեւ» իրավիճակ եզրոյթը։ Արցախի ԱԺ արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Վահրամ Բալայեանի խօսքին համաձայն, ՄԽ համանախագահող երկիրներու ներկայացուցիչները մշտապէս բարձրաձայնած են, որ հակամարտութիւնը կարգաւորելու անհրաժեշտութիւն կայ եւ կը կարծեմ, որ Լաւրովի ըսած այդ միտքը կարելի է դիտարկել։ Այս մասին «Artsakh speaks» լրատուականի թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին նշեց Վ.Բալայեան։
 
«Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի կողմէն բազմիցս շեշտուած է ոչ միայն Ատրպէյճանի պաշտօնեաներուն հետ հանդիպումներու ընթացքին, այլեւ ընդհանրապէս տարբեր ձեւաչափերով, որ կայ հակամարտութիւն եւ այդ հակամարտութիւնը կարգաւորելու անհրաժեշտութիւն։ Եղած է պատերազմ․ պատերազմը աւարտած է, բայց հակամարտութիւնը չէ կարգաւորուած եւ երկարատեւ խաղաղութիւն ապահովելու առումով անհրաժեշտ է, որ հակամարտութիւնը վերջնականապէս կարգաւորուի», ըսաւ Վ.Բալայեան։
 
Մինչ այդ Ատրպէյճանի նախագահը Լաւրովի հետ հանդիպումին մեղադրած է հայկական կողմը, պատրուակելով որ ամ ձգձգած է խաղաղութեան օրակարգը ու չէ կատարած ձեռք բերուած համաձայնութիւնները։ Աւելի ուշ Երեւան յայտարարած էր, որ առաջարկած է Պաքուին տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումին զուգահեռ նաեւ Ղարաբաղի մէջ ապրող հայերու իրաւունքներու, անվտանգութեան ու կարգավիճակի հարցը քննարկել։
 
Վահրամ Բալայեանի կարծիքով, Ատրպէյճանի հետ տարածքային ամբողջականութիւն հասկացողութիւնը, որեւէ առնչութիւն չունի մեր անկախութեան եւ պետականութեան հետ, որովհետեւ մշտապէս՝ մինչեւ Խորհրդային հատուածը ունեցած ենք պետականութիւն, Խորհրդային ժամանակաշրջանին մենք ինքնավար կարգավիճակ ունեցած ենք։
 
«Եթե միջազգային հանրութեան կողմէ Ատրպէյճանի տարածք դիտարկուած է օրինակ Ակնան կամ Կովսականը, չեմ կարծեր, որ խօսքը կը վերաբերի նաև ԼՂ ինքնավար մարզի տարածքներուն, որովհետեւ ըստ էութեան ԼՂ ինքնավար մարզը տարածքային տեսանկիւնէն եղած է Խորհրդային Միութեան կազմին մէջ, ինչպէս Ատրպէյճանը եղած է Խորհրդային Միութեան կազմին մէջ։ Այսինքն՝ վարչատարածքային միաւորներ եղած են, որոնք միջազգային իրաւունքի տուեալ չեն եղած, պարզապէս որոշ հարցեր, մանաւանդ տնտեսական բնոյթի, կառավարուած են Ատրպէյճանի կողմէ։ Այնպէս որ այս տեսանկիւնէն Ատրպէյճանի հետ տարածքային ամբողջականութիւն հասկացութիւնը, ոեւէ առնչութիւն չունի մեր անկախութեան եւ պետականութեան հետ, որովհետեւ մշտապէս թէ մինչեւ Խորհրդային շրջանը ունեցած ենք պետականութիւն, թէ Խորհրդային ժամանակահատուածի մէջ մենք ինքնավար կարգավիճակ ունեցած ենք, ինչպիսի կարգավիճակ քիչ մը աւելի բարձր ունեցած է Ատրպէյճանը Խորհրդային Միութեան կազմին մէջ», աւելցուց զրուցակիցը։
 
Վերջին այն հարցումին, թէ արդեօ՞ք պիտի ըլլայ Արցախի ԱԺ կողմէն յայտարարութիւն Լաւրով-Պայրամով հանդիպումին հետ առնչուած, ԱԺ պատգամաւորը աւելցուց, որ այդ հարցը տակաւին պէտք է քննարկել: