24 Յունիսին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցած է Արցախի պետական նախարար Արտակ Պեգլարեանին հետ: Զրուցակիցները քննարկած են 2020_ի ատրպէյճանական յարձակումին հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակն ու յառաջացած մարդասիրական հարցերու յաղթահարման ընթացքը։
Յատկապէս, անդրադարձ կատարուած է միջազգային ատեաններու մէջ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին՝ բռնի տեղահանուած բնակչութեան իրաւունքներու բարձրաձայնումին եւ անոնց առջև ծառացած հիմնահարցերու լուծման համար գործադրուող ջանքերուն: Արարատ Միրզոյեան եւ Արտակ Պեգլարեան շեշտած են միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւններուն տեղւոյն անարգել ներգրաւուածութեան անհրաժեշտութիւնը՝ պատերազմի մարդասիրական եւ ընկերային-տնտեսական հետեւանքներու համապարփակ եւ լիարժէք հասցէագրումին նպատակով: Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ եւ արդարացի կարգաւորման հեռանկարներուն շուրջ՝ ընդգծելով Հայաստանի եւ Արցախի ջանքերու փոխներդաշնակութեան կարեւորութիւնը: