Հայաստան-Թուրքիա կարգաւորման գործընթացին երկու երկիրներու յատուկ ներկայացուցիչներուն յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 1 Յուլիսին Վիեննայի մէջ։ Այս մասին յայտնած է ՀՀ ԱԳՆ խօսնակ Վահան Յունանեան։
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի յատուկ ներկայացուցիչներ, համապատասխանաբար, Հայաստանի Ազգային Ժողովի նախագահի տեղակալ Ռուբէն Ռուբինեանի եւ դեսպան Սերտար Քըլըչի նախորդ հանդիպումը եւս տեղի ունեցած էր Վիեննայի մէջ։ Յառաջիկային սպասուելիք հանդիպումը թիւով չորրորդն է։ Յատուկ ներկայացուցիչները նախորդ հանդիպումին վերահաստատած էին առկայ գործընթացի միջոցով իրենց երկիրներու միջեւ լիարժէք կարգաւորման հասնելու նպատակը։ Անոնք վերահաստատած էին իրենց համաձայնութիւնը՝ շարունակելու գործընթացը առանց նախապայմաններու։