Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնները ատրպէյճանա-հայկական յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցի մասին կասկածի տակ դրած են տարածաշրջանի մէջ կայուն խաղաղութիւն հաստատելու Երեւանի փափաքը։ Այս մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը։ Հայաստանի ղեկավարին մեղադրանքները, թէ Ատրպէյճանը փակուղի կը տանի, «չէ տեղաւորուած իրաւական կամ բարոյական որեւէ շրջանակի մէջ», ըսուած է յայտարարութեան մէջ։ Նշուած է, որ Ատրպէյճանը եղած է երկու երկիրներու յարաբերութիւններու կարգաւորման կողմնակիցն ու նախաձեռնողը՝ առաջարկելով խաղաղութեան պայմանագիր կնքել։ «Եթէ Ատրպէյճանը պատերազմ փափաքէր, ինչպէս կը պնդէ Փաշինեան, այդ քայլերը, հաւանաբար, պէտք չէ ըլլային», ըսուած է Ատրպէյճանի ԱԳՆ յայտարարութեան մէջ։