Միւռոն բառը կու գայ յունարէնէ (μύρον), որ կը նշանակէ անուշաբոյր իւղ: Սուրբ միւռոնի գործածութիւնը հարիւրամեակներու պատմութիւն չէ՛ եւ ո՛չ ալ եկեղեցւոյ կողմէ աւելցուած իրականութիւն, ինչ որ շատեր սխալ կը կարծեն ու դժբախտաբար կը պնդեն:
 
Եթէ Աստուածաշունչը լաւապէս ընթերցենք, այնտեղ պիտի տեսնենք, որ սրբալոյս միւռոնի գործածութիւնը կու գայ Տիրոջ գիրքէն եւ Անոր պատուէրներէն. «Սուրբ օծման իւղ պիտի ընես զայն` իւղագործի արհեստով բաղադրուած: Անիկա սուրբ օծման իւղ պիտի ըլլայ: Անով պիտի օծես վկայութեան խորանը ու վկայութեան տապանակը եւ սեղանը ու անոր բոլոր անօթները եւ աշտանակը ու անոր գործիքները եւ խունկին սեղանը» (Ելք 30.25-27): Օրինակ մըն ալ` Նոր կտակարանէն. «Աշակերտները գացին եւ սկսան ժողովուրդին քարոզել, որ ապաշխարեն: Բազմաթիւ չար ոգիներ կը հանէին, շատ մը հիւանդներ ԻՒՂՈՎ Կ՛ՕԾԷԻՆ եւ զանոնք կը բժշկէին» (Մր 6.12-13): Ահաւասիկ` սուրբգրային արձանագրուած օրինակներ: Տակաւին կան շատ ու շատ օրինակներ, որոնք կարելի է յիշել, սակայն այստեղ կ՛ուզենք անդրադառնալ սրբալոյս միւռոնի կարեւորութեան ու ազդեցութեան մասին:
 
Սրբալոյս միւռոնով կը քրիստոնէանանք, բոլորս մեր մանուկ հասակին կու գանք Տիրոջ տունը` կրելու Իր անունը, այլ խօսքով` ստանալու քրիստոնէական անձնագիրը: Քրիստոսի անունը կրելու պատիւէն աւելի մեծ պատիւ չկայ: Անոր անունով մկրտուիլ, օծուիլ եւ քրիստոնէանա՜լ:
 
Սրբալոյս միւռոնով Տիրոջ դեսպանները կը դառնանք, ծնրադիր Տիրոջ առջեւ երթալով ու անոր կամքին դիմաց խոնարհելով` Իրեն եւ Իր ժողովուրդին կը նուիրուինք, սակայն յիշեալ օրինակին ամէնէն յիշատակելի, ազդող եւ յուզող պահը ս. միւռոնով մեր ճակատները օծուելու եւ նոր անուն կրելու պահն է:
 
Սրբալոյս միւռոնը մեզ նոր մարդ կը դարձնէ` մեր ետին ձգելով հինը, աշխարհիկը: Ս. միւռոնը կը յիշեցնէ մեզ, որ այլեւս աշխարհին չե՛նք պատկանիր, այլ միայն ու միայն` Տիրո՛ջ ու Անոր կամքին եւ օրէնքներուն:
 
Սրբալոյս միւռոնը կը զօրացնէ մեզ, կը զօրացնէ այնքան, որ չարին ու անոր որոգայթներուն դիմաց մեզ աննկուն եւ անսայթաք կը պահէ:
 
* * *
 
1 Յուլիս 2022-ի երեկոյեան Արամ Ա. սրբազնագոյն կաթողիկոսի օծեալ ձեռքով եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի` հաւատքի հօր աջով պիտի օրհնուի միւռոնը նոր` Հայ եկեղեցւոյ: Անով դարձեալ պիտի քրիստոնէանան մանուկներ, հրաւիրուին եւ օծուին Տիրոջ նոր դեսպան` մշակներ, Տիրոջ տուներ` եկեղեցիներ եւ սպասներ: Անով դարձեալ պիտի զօրանան մեր ճակատները, սիրտերը, ձեռքերը, ոտքերն ու կռնակները:
 
Անթիլիաս` հայութեան կեդրոն պիտի ժամանեն բազմահարիւր հաւատակից քրիստոնեաներ, որոնք իրենց աչքերը անթարթ նայուածքով հայրապետին ձեռքերուն պիտի ուղղեն տեսնելու համար օրհնութիւնը սրբալոյս միւռոնի: Սրտայոյզ եւ հոգեթով պահ, որ բոլորս անհամբեր կը սպասենք:
 
Այդ օրը ուխտաւորներուս սիրտերը կը տրոփեն համահաւասար` սրընթաց, քանզի Սուրբ Հոգին կը հանգչի բոլորիս վրայ, ինչպէս աշխարհի ստեղծագործութեան ընթացքին «ջուրերուն վրայ կը շարժէր» (Ծն 1.2):
 
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ս. Աթոռէն ուխտեալ միաբաններս, գլխաւորութեամբ Արամ Ա. հայրապետին, աղօթող ենք ու մաղթող, որ սրբալոյս միւռոնի օրհնութեամբ համայն մարդկութեան միջեւ տիրէ խաղաղութի՜ւն, եւ մանաւանդ հայրենիքին` փայլատեսիլ ապագայ, Արցախին` վերանկախութիւն, Լիբանանի քաղաքացիներուն` համբերութիւն եւ հոգեւորականաց դասին` անշեղ հաստատակամութիւն: Ամէն:
 
Աւետիք Աբղ. Տէր Կարապետեան