(Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի 75- Ամեակի Առիթով)
Մանկութիւնը իւրաքանչիւրիս կեանքին ամէնէն երջանիկ, ամէնէն գեղեցիկ ու անհոգ ժամանակահատուածն է։ Մանկութեան հետ է կապուած մեր քաղցր յիշողութիւնները։ Ան ամբողջ աշխարհ մըն է, ուր բոլորը բարի են եւ մաքուր, հետեւաբար այդ ժամանակահատուածին ոչինչ չի փոխարինուիր։ Բոլորս կարօտով կը յիշենք մեր մանկութեան հետ կապուած որեւէ յուշ։
Կը յիշեմ մանկութեանս տարիները, երբ ամէն առաւօտ մօրս ձեռքէն բռնած ոստոստելով կ’անցնէի Ազգ. Քարէն Եփփէ ճեմարանի պողոտայէն ուղղուելով դէպի Ազգ. Սահակեան Մանկապարտէզ։ Մեզ կ’ընկերակցէր փոքր եղբայրս, որ ըստ սովորութեան մի քանի քայլ ետեւ կը մնար մեզմէ եւ յամառօրէն կը հրաժարէր մօրս ձեռքը բռնելէ։ Կը հասնէի Ազգ. Ք. Եփփէ ճեմարանի հսկայական շէնքին առջեւ, կը ձգէի մօրս ձեռքը եւ արագօրէն կ’ուղղուէի դէպի երկաթեայ դարպասը, զիս կը դիմաւորէր դրան առջեւ կեցած հայրիկը, «բարի լոյս հայրիկ» ըսելով կը մտնէի ներս։ Ինծի այնպէս կը թուէր, թէ հայրիկը ամէն առաւօտ զիս կը սպասէր։ Պահ մը կանգ կ’առնէի եւ հրճուանքով կը դիտէի այդ կախարդական աշխարհը (խումբ մը աշակերտներ գնդակին ետեւէն կը վազէին, ուրիշ խմբակ մը բարձրաձայն կը վիճէր): Բոլորն ալ կայտառ էին եւ կեանքով լեցուն։
Այդ հսկայ շէնքը լոկ սովորական շէնք չէր ինծի համար։ Ան նման էր մեծ մօրս պատմած հեքիաթներուն մէջ գտնուող հսկաներուն։ Հոն ամէն ինչ հրապուրիչ էր։ Կ’երազէի ըլլալ այդ հարիւրաւոր աշակերտներէն մէկը։ Մինչ ես հրապուրուած կը դիտէի, մօրս ձայնը զիս ուշքի կը բերէր ըսելով,
– Տղա՛ս, աճապարէ՛, կ’ուշանանք։
Դպրոցէն վերադարձին մայրս կը խուսափէր միեւնոյն մայթէն քալելէ, հետեւաբար կ’անցնէինք դիմացի մայթը։ Բերկրանքով կը դիտէի դարպասէն դուրս եկող աշակերտներու բազմութիւնը, որ նման էր ալեկոծ ծովու հսկայ ալիքին։ Աշակերտներուն ճռուողիւնը կը լեցնէր ամբողջ տարածքը, իսկ հոծ բազմութիւնը արգելք կը հանդիսանար անցորդներուն։
Տարիներ անցան, անհամբեր էի, կը հաշուէի օրերը՝ երբ ես ալ բախտաւոր աշակերտներէն մէկը պիտի ըլլայի յաճախելով այդ հեքիաթային շէնքը, սակայն երկար սպասուած ժամը ուշացաւ, աւելին՝ բնաւ չեկաւ։ Անոր փոխարինեց անգութ պատերազմը խլելով ինձմէ մանկութեան ամէնէն թանկ իղձը: Չկարողացայ միջնակարգի եւ երկրորդականի ուսումս ստանալ այդ սերունդներ կերտող խորհրդաւոր շէնքէն ներս։ Այո, թէեւ Ազգ. Ք. Ե. Ճեմարանի աշակերտ ըլլալու տիտղոսին արժանացայ միմիայն երկուքուկէս տարի, ինչպէս նաեւ որպէս առաջնակարգ աշակերտ ստացայ գնահատագրեր եւ մետալներ վարժարանի բեմահարթակին վրայ, սակայն շրջանաւարտի տիտղոսին չարժանացայ։ Այդ հսկայական շէնքը չկարողացայ վայելել թէկուզ մէկ օր եւս։
Եւ ահա եկաւ դաժան օրը, երբ շատ մը ընտանիքներու նման մենք եւս պիտի հեռանայինք մեր սիրելի ծննդավայրէն, ետին ձգելով հարազատներ, բարեկամներ, ընկերներ եւ քաղցր յուշեր։ Հրաժեշտի պահը անբաղձալի եւ տհաճ պահերէն մէկն է։ Հրաժեշտ տուի սիրելի ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուս եւ բոլոր ընկեր-ընկերուհիներուս, լսելով անոնց ջերմ եւ յուսադրիչ բարեմաղթութիւնները։ Բնաւ չեմ կրնար մոռնալ այդ պահը, երբ մեկնումիս նախօրեակին ուղղուեցայ այդ հեքիաթային շէնքին տարածքը։ Մեծ կսկիծով դիտեցի այդ հսկան, զոր երկար տարիներ եղած էր եւ կը շարունակէ մնալ հալէպահայութեան բաբախող սիրտը, եւ մեր ազգային գոյատեւման գլխաւոր խարիսխներէն մէկը։ Այդ օր ան ամբողջութեամբ լուռ էր եւ ոչինչ ունէր ըսելիք: Չկար դրան առջեւ զիս սպասող հայրիկը, չկար աշակերտներուն ճռուողիւնը, որ կը լսուէր թաղ մը անդիէն։ Ամբողջ տարածքը ամայի էր եւ աւելին՝ վտանգաւոր։  Երկաթեայ դարպասը փակ էր։ Չկրցայ ներս մտնել։ Կարօտալի աչքերով հեռուէն դիտեցի:
Ափսո՜ս… հազար ափսո՜ս։ Առաջին եւ վերջին զանգը չլսած արդէն իսկ պիտի բաժնուէի սիրելի վարժարանէս։
«Յաւեր՜ժ ապրէ՛, հա՛յ դպրոց, մեր սիրելի՛ վարժարան» արտասանելով հրաժեշտ տուի դպրոցիս։
Այդ օրէն անցած են վեց տարիներ։ Ներկայիս Թորոնթոյի Համալսարանի Biomedical Science -ի 4-րդ կարգի առաջնակարգ աշակերտ եմ։ Կարելի չէ համեմատել երկու շէնքերը, սակայն ինծի համար Ազգ. Ք. Ե. Ճեմարանի հեքիաթային շէնքը կը մնայ անզուգական։
Մնաս միշտ կանգուն, մնաս միշտ խրոխտ, հայակե՛րտ օճախ, հայ մտքի հսկա՛յ դարբնոց։
2021/2022 ուսումնական տարեշրջանի աւարտին կը շնորհաւորեմ 12-րդ կարգի «75-ամեակի Սերունդ»-ի բախտաւոր ճեմարանականները, մաղթելով բարձրագոյն նուաճումներ եւ բարի երթ։
Փա՜ռք քեզ, Ճեմարա՛ն։
Յակոբ Տէօքմէճեան