Շէյխ Մուհամմետ Պըն Ռաշիտ ալ-Մաքթումի կազմակերպութեամբ եւ հովանաւորութեամբ, 2015-ին Տուպայի մէջ  յայտարարուած է «Թահատտի ալ- Քիրաա ալ-Արապի»  անունով մրցում մը, որուն նպատակն է քաջալերել ընթերցումը: 2022-ին մրցումը հասած է իր 6-րդ փուլին:
Մրցումին կը մասնակցին արաբական եւ ոչ-արաբական աւելի քան 40 երկիրներէ, ինչպէս՝ ԱՄՆ, Չինաստան եւ այլն… աշակերտներ: Մրցումին մասնակցելու պայմանները հետեւեալներն են՝ իւրաքանչիւր մասնակից պէտք է ընթերցէ եւ ամփոփէ 50  արաբերէն այլազան գիրքեր՝ գրական, գիտական, քաղաքական եւ այլն… : Մասնակիցը առաջին պայմանը լրացնելէ ետք, ամփոփուած գիրքերը գրի կ’առնէ 5 տետրերու մէջ, որմէ ետք կը սկսի մրցիլ դպրոցի, նահանգի, երկրի եւ արաբական աշխարհի մակարդակներով:
2020-ին մրցումը տեղի չէ ունեցած  պսակաձեւ ժահրի համաճարակին պատճառով, սակայն 2021-ին առցանց դրութեամբ տեղի ունեցած է: Մրցումը ծանօթացնելէ ետք կ’ուզեմ յիշել նաեւ որ ես, այս տարեշրջանին, առիթ ունեցայ մասնակցելու անոր, որովհետեւ Սուրիոյ մասնակցութեան առիթ տրուեցաւ առաջին անգամ ըլլալով:
Կարդացի 50 արաբերէն գիրքեր, կրճատեցի ու ներկայացուցի զանոնք բերանացի եւ գրաւոր: Դժբախտաբար չկրցայ այս մրցումին առաջնակարգերէն հանդիսանալ, սակայն այժմ կը պատրաստուիմ յաջորդ տարուան մրցումին: Ես չշահեցայ մրցանակը, սակայն ինքզինքս յաղթած կը համարեմ, որովհետեւ իբր առաջին հայ մասնակից անցայ բոլոր փուլերէն, կարճ ժամանակուան մէջ 50 գիրք կարդալով 50 աշխարհ յայտնաբերեցի եւ հպարտ եմ, որ կրցայ վարժարանիս՝ Ազգ. Միացեալ վարժարանի էջերուն մէջ նոր ու յիշատակելի տող մը արձանագրել:
Փափաքս է, որ հայերէն գիրքեր ալ ընթերցելու նման մրցումներ ըլլան:
Ազգ. Միացեալ Նախակրթարանի  2022 տարուան շրջանաւարտ
Աւօ ՉիլԱբօշեան
Հալէպ