Իւրաքանչիւր ձեռնարկէ ետք ընդվզում մը կը պատէ հոգիդ, երբ կը տեսնես ձեռնարկին լրջութիւնը, սակայն յաճախ ականատեսը կը դառնաս բացման խօսք ընթերցողներու անլրջութեան։
Անլրջութիւն ոչ թէ ձեռնարկին նկատմամբ, սխալ չհասկնաք։ Բեմին վրայ ամէն բան կատարեալ իսկ ըլլայ, երեւելի կը դառնայ որ բացման խօսք ընթերցողը գրել տուած է իր խօսքը, ինք պարզապէս դերասանութիւն կ’ընէ բեմին վրայ՝ համոզելու ներկաները թէ ի՛ր խօսքը կ’արտասանէ։ Սակայն երբեմն այնքան կմկըմալով ու անտեղի շեշտերով կը կարդայ, որ ինքզինք կը մատնէ։ 
Հերիք է ալ, համը փախցնել սկսաք, տղա՛ք։ Գոնէ գրուած խօսքը սահուն կարդալ սորվեցէ՛ք նախքան բեմահարթակ յայտնուիլը։
Սա գրիչը բռնեցէ՛ք, երկու միտք անկեղծօրէն արտայայտեցէ՛ք, լմնցաւ գնաց։ Ե՞րբ պիտի հասկնաք, որ բեմը սուրբ է: Եթէ ըսելիք  չունիս, կամ բան պիտի չաւելցնես հանդիսատեսին իմացածին վրայ, բեմ ելլելու չես, եղբա՛յր։ Բեմը ցուցադրութեան վայր չէ, որ զարդարուիս, ելլես կայնիս, ժպտիս, ողջունես ներկաները, բայց բան չըսես հանդիսատեսին։ Բեմը միտք է, նոր խօսք է, փորձառութիւն է, ուղղութիւն տուող հարթակ է։ 
Եւ այս անլրջութիւնը միայն բեմերու վրայ չկարծէք…։
Դպրոցէն ներս շարադրութեան պարտականութիւն կը տրուի, աշակերտն ու իր ծնողքը կը թակեն այս ու այն ուսուցիչին կամ այլ աշխատասէր աշակերտի մը դուռը, կը խնդրեն սանկ լաւ, ազդեցիկ, արցունքը աչքերէն դուրս բերող, յուզիչ շարադրութիւն մը գրել։ Մինչդեռ իրենց պարզ ու յստակ գրիչին վստահող աշակերտներ կամ բեմավարներ շատ աւելի մեծ ընդունելութիւն կը գտնեն։
Մեր զաւակները կը վարժեցնենք ծուլութեան։ Չենք մղեր որ մտածեն, արտայայտուիլ սորվին, գրել սորվին։ Չենք մտածեր որ իրենց գրածը շատ աւելի հարազատ պիտի հնչէ, քան ամէն տարի կրկնուող մտքերն ու հռետորական խօսքերը, որոնք կը գրուին այլոց կողմէ ու երբեմն առնչութիւն իսկ չեն ունենար ձեռնարկի էութեան հետ։
Թոյլ տուէ՛ք, որ մեր երիտասարդները արտայայտուիլ սորվին, գրել սորվին, մտածել սորվին, որպէսզի յետոյ երկու տող անսխալ գրող երիտասարդներ մոմի լոյսով չփնտռենք, միտքեր ընդօրինակող հրապարակագիրներու, գաղափարներ կրկնող բանախօսներու ծնունդ չտանք։ 
Մղեցէ՛ք մեր երիտասարդները գրելու, ազատ արտայայտուելու եւ իրենց ոճը ձեւաւորելու։ Ամլութեան մի՛ մատնէք անոնց միտքն ու գրիչը։
Փշակն