1915-ին, երեսուն հազար այնթապահայեր պարտադրաբար կը տեղահանուին իրենց հայրենի բնակարաններէն եւ թրքական պետութեան հրահանգով կ’ուղղուին դէպի Սուրիա:
1918-1920 թուականներուն կը վերականգնի Այնթապի հայութեան կեանքը, քանի որ Այնթապ մուտք կը գործէ ֆրանսական զինուորական բանակը: Կը վերաբացուին հայկական քոլէժները: Այս տարիներուն, այնթապցիները կը զինուին՝ դիմակայելու համար հաւանական թրքական նոր յարձակումին:
Երբ ֆրանսացիք կը տեսնեն հայոց կազմակերպուածութիւնն ու խիզախութիւնը,Այնթապի հայոց հերոսամարտը կ’անուանեն Անատոլի Վերտէօնը (տոքթ.Թորոս Թորանեան):
1921-ին, ֆրանսական զօրքը կը քաշուի Այնթապէն: Այս առիթէն օգտուելով թուրք խուժանները (պաշիպօզուքները) վայրագօրէն կը յարձակին հայկական թաղամասերուն վրայ:
Այնթապահայերը ցոյց կու տան կազմակերպուած ինքնապաշտպանութիւն, որուն գլխաւոր կազմակերպիչներէն էր Տէր Ներսէս Քահանայ Թաւուքճեան:
Հայերը յաղթական դուրս կու գան, թուրքերը կ’ունենան ութը հազար կռուողի կորուստ, իսկ հայերը՝ հարիւր նահատակ:
Հայերը եօթը հարիւր յիսուն հոգիէ բաղկացած զօրախումբով կը շարունակեն մարտերը մինչեւ Մայիսի վերջը: Ապա Ֆրանսան եւ Թուրքիան անսպասելիօրէն Անգարայի մէջ կը կնքեն համաձայնագիր մը, ըստ որուն ֆրանսական զօրքը պիտի հեռանար Այնթապէն: Այս տխրահռչակ համաձայնագիրը պիտի դնէր Կիլիկիոյ քաղաքներն ու գիւղերը նոր կոտորածներու վտանգին առջեւ:
Այնթապահայերու ինքնապաշտպանութիւնը կը շարունակուի մինչեւ Յուլիս ամսուն սկիզբը: Մարտերը աստիճանաբար կը սաստկանան: Այնթապցի հայերը ստիպուած կը գաղթեն իրենց հարազատ քաղաքէն դէպի Սուրիա, Լիբանան ու կը սփռուին աշխարհով մէկ:
Հայրենասէր այնթապցիներու ներդրումը մեծ էր Հայաստանի մէջ եւս: Սուրիական բանակի Զօրավար Արամ Գարամանուկեանի եւ տիկնոջ ներդրումով կը կառուցուի երկրորդական վարժարան մը Այնթապ աւանին մէջ:
Հետագային, Թուրքիա ամէն ջանք ի գործ կը դնէ աղաւաղելու Այնթապի դիմագիծը: Այնթապի անունին կ’աւելցնէ նաեւ Ղազի բառը:
Թուրք այնթապաբնակ մտաւորական՝ Մուրատ Ուչանէր, որ արեւմտահայերէն սորված է նահատակ Հրանդ Տինքի անուան հիմնարկութեան հաշուոյն, Երեւան մեկնած է այնթապցի լուսանկարիչ Խորէն Նազարէթեանի ընտանիքին մասին նիւթ հաւաքագրելու: Ըստ իրեն, ներկայիս Այնթապի մէջ կ’ապրին շուրջ յիսուն հազար իսլամացած հայեր: Մուրատ Ուչանէր թարգմանած է երեք գիրքեր, որոնք տակաւին չեն հրատարակուած: Անոնք են՝ «Այնթապի Գոյամարտը», «Այնթապի Մէջ ՀՅԴ-ի Պատմութիւնը» եւ «Պատմուածքներ Այնթապի Մասին»:
Այս գիրքերուն միջոցով խօսիլն ու գրելը արդարութեան ու ճշմարտութեան յաղթանակներ էին գրողին համար:
Մուրատ Ուչանէր որոշած է այս տարի՝ 2022-ին, հրատարակել գիրք մը, որուն մէջ կը ներկայացնէ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ բնակող  այնթապահայերու պատմութիւնը:
Դամասկոսի համալսարանէն ներս ուսանած տարիներուս ծանօթացայ Գրիգոր եւ Արթին Լոշխաճեան եղբայրներուն: Գրիգորը դարձաւ ելեկտրականութեան երկրաչափ, իսկ Արթինը՝ բժիշկ: Անոնց ծնողները՝ Գէորգ Լոշխաճեան եւ Երանուհի Պապոյեան, գերդաստանի անդամներուն հետ Այնթապէն հասած էին Սուրիոյ Տարաա նահանգի Իզրաա քաղաք, ուր գործած ու դարձած էին հողատէրեր:
Երբ անոնց զաւակները կը մեծնան, կ’որոշեն վերջնականապէս հաստատուիլ Դամասկոս, ուր բարձրագոյն ուսում կը ստանան:Երիտասարդներուն հօրեղբայրը՝ Աւետիսը, յիսունական թուականին կը հաստատուի Դամասկոս եւ կը դառնայ նոր բացուած  Ազգ. Զաւարեան վարժարանի հոգաբարձու, ինչպէս նաեւ ՀՅ Դաշնակցութեան նուիրեալ գործիչ:
Լոշխաճեան եղբայրները իրենց բարի վարքով դարձան իմ սրտամօտ ու մնայուն բարեկամները: Տոքթ. Արթին իր բժշկական աւարտական  գիտական աշխատանքը ձօնած է Հայոց անմահ նահատակներուն: Իսկ երկրաչափ Գրիգորը իր մասնագիտութեամբ գործուն անդամ եղած է Դամասկոսի Հայոց Թեմի Թարգմանչաց նորակառոյց վարժարանի շինարարական յանձնախումբին եւ իր լաւագոյն ներդրումը բերած անոր:
Դիմատետրիս վրայ կը կարդամ Լաթաքիոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Վազգէն Քահանայ Քէօշկէրեանի հայրենակից Տէր Ղեւոնդ Քահանայ Լոշխաճեանի գրառած «Այնթապի Քայլերգ» քերթուածը:
Լոշխաճեան ընտանիքին անունը զիս կը յիշեցնէ վերոյիշեալ պատմութիւնը:
«Այնթապի Քայլերգ»ին հեղինակն է այնթապցի Յարութիւն Աղայեան, իսկ երաժշտութեան մշակման հեղինակը հալէպահայ ուսուցիչ եւ տնօրէն Լեւոն Թ.Լեւոնեան:
Ես՝ Մուսա Լերան զաւակ, կը միանամ հերոս այնթապցիներուն ու կը կրկնեմ իրենց քայլերգը, աւելի ճիշդ՝ քաջերու երգը.
Հեռու կեցէ՛ք, դո՛ւք՝ վախկոտներ
Մենք նոր սերունդ ,նոր Հայկեան,
Մկրտուած ենք հայ արիւնով
Դիւցազներուն, որոնք ինկան:
Մեր ջանքերով վաղն Այնթապին, 
Ամպերը գորշ կ’անհետին,
Զի երկինքին ազատ արեւք,
Փոթորիկէն վերջ կը ծագին:
Մենք համոզուած ենք, գիտակի՛ց,
Թէ կռիւով է ազատութիւն,
Յափշտակել պէտք է նաեւ,
Մեր ազգային փրկութիւն:
Ա՜խ հայրենիք, դո՛ւ Կիլիկիա,
Սրբէ  արցունքն ալ յետին,
Զի քո սիրոյն տառապանքին,
Ապրիլ գիտցաւ այնթապցին:
Այս գրութիւնս, փոխան աղօթքի ու խունկի, թող ըլլայ ոգեկոչում Գրիգոր եւ Արթին Լոշխաճեաններու անմար յիշատակին եւ համայն աշխարհի այնթապցիներուն, որոնք վասն հայրենեաց պայքարիլ գիտնալով ապրեցան:
Տոքթ.Նորայր Մանճեան