1 Յուլիսին Ֆրանսայի հրապարակին վրայ մեկնարկեց «Դիմադրութիւն» շարժումի հանրահաւաքը:
 
Ելոյթներ ունեցան ընդդիմադիր պատգամաւորներ Վահէ Յակոբեան, Արամ Վարդեւանեան, Տիգրան Աբրահամեան, ուսուցչուհի Յասմիկ Յարութիւնեան, Քաշաթաղի Աղաւնօ համայնքի համայնքապետ Անդրանիկ Չաւուշեան:
 
Վահէ Յակոբեան իր ելոյթին մէջ ըսաւ, որ այսօր այս ազգային խայտառակութիւն համարուող իշխանութիւնները իրենց ընկալումով դարակազմիկ նիստ հրաւիրած են եւ ինծի ու Իշխան Սաղաթէլեանին պաշտօնէն զրկած են։
«Սա հարուած էր խորհրդարանի մշակոյթին վրայ, բայց մենք որեւէ բան չունինք մտածելու, թող մտածեն Նիկոլը եւ իրեն գովաբանող թիմակիցները, միջազգային կառոյցները, որոնք կը շարունակեն լուռ մնալ: Մենք մտածելու ոչինչ ունինք: Եթե կը կարծեն, թէ այսպէս պիտի շեղեն, մեզի հետ պիտի պահեն մեր օրակարգէն, չարաչար կը սխալին: Մենք մեր պայքարը պիտի շարունակենք, նման էժան քայլերով մեզի չեն կրնար ցաւցնել», ըսաւ ան:
 
Նոր պատերազմի մասին կը խօսի մարդ, որ, ըստ Սահմանադրութեան զինուորական գործողութիւններու գերագոյն գլխաւոր հրամանատարն է՝ իր տեսակով անպատասխանատու եւ խաբեբայ, որ մէկ անգամ արդէն մեր ժողովուրդը տարած է ողբերգութեան», իր խօսքին մէջ ըսաւ Տիգրան Աբրահամեան։
 
Նիկոլ Փաշինեան նոր պատերազմի յայտարարութեամբ սպառնալիքի ենթարկած է մեր ժողովուրդին, որպէսզի մեր երկիրը տանի նոր զիջումներու, որ կը տեսնենք ե՛ւ Սիւնիքի, ե՛ւ Արցախի՝ Բերձորի հատուածներուն մէջ։
 
Տիգրան Աբրահամեան դիմեց Նիկոլ Փաշինեանը պաշտպանողները՝ ՀՀ վարչապետը նոր պատերազմ կը նախապատրաստէ՝ տարածքային եւ մարդկային նոր կորուստներով։
 
Իսկ վերահաս պատերազմը կանխելու համար կայ մէկ ճանապարհ ․ «Այս իշխանութիւնը դուրս շպրտելն է, այլ տարբերակ չկայ», ըսաւ ընդդիմադիր պատգամաւորը:
 
«Առանց նիկոլ Հայաստան»՝ վանկարկեցին հանրահաւաքի մասնակիցները:
 
Ապա ելոյթ ունեցաւ Աղաւնոյի համայնքապետ Անդրանիկ Չաւուշեան:
 
«Եթէ մէկը պիտի որոշէ մենք ուր ապրինք, ինչպէս ապրինք և այլն։ Այս զիջողական դիրքը, որ անընդհատ կը զիջի հողեր, այդ հովանաւորութիւնը իրեն ոչ ոք տուած է, մենք թոյլ չենք տար, որ ինքը մեր ճակատագիրով որոշումներ կայացնէ։ Արցախի հողը համահայկական հող է, որ կը պատկանի Հայաստանին, Արցախին, Սփիւռքին, ատիկա չի կրնար իր սեփականութիւնը ըլլալ, Փաշինեանը իրա սեփականութեան վրայ կրնայ որոշումներ կայացնել։ Արցախը կայ ու պիտի ըլլայ ընդմիշտ», ըսաւ ան:
 
Բեմահարթակ բարձրացաւ ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան:
 
«Արցախի եւ Հայաստանի միջեւ կապը ապահովելու համար Լաչինի միջանցքի երկայնքով նոր երթուղիի նախագիծը պէտք է հաստատուեր կողմերու համաձայնութեամբ։ Ե՞րբ, ո՞ւր եւ ի՞նչ մակարդակով համաձայնութիւններ ձեռք բերուած են։ Կա՞ն համաձայնութիւններ եւ ո՞ւր ստորագրուած են։ Մենք կը պնդենք, որ այս իշխանութիւնները կրկին ժողովրդի թիկունքէն ձեռք բերած են համաձայնութիւն՝ Բերձորը յանձնելու առնչութեամբ»,յայտարարեց ան։
 
Իշխան Սաղաթէլեան շեշտեց՝ Ատրպէյճանը մինչեւ հիմա չէ կատարած իր պարտաւորութիւնները՝ ռազմագերիները վերադարձնելու մասով, աւելին՝ խախտած է եռակողմ համաձայնագիրի բազմաթիւ կէտեր։
 
«Ինչպէ՞ս է կ’ընկալուի, որ հայկական կողմը հետեւողականօրէն կ’իրականացնէ համաձայնագիրի կէտերը, իսկ Ատրպէյճանը՝ ոչ. որովհետեւ կառավարութեան շէնքին մէջ նստած են դաւաճաններ, որոնք սասարկած են Ատրպէյճանի շահերը», ըսաւ ան։
 
Այնուհետեւ ան հանրահաւաքի մասնակիցներուն հրաւիրեց երթի:
 
«Առանց Նիկոլ Հայաստան», «Միութիւն, Պայքար, Յաղթանակ»՝ կը վանկարկէին երթին մասնակիցները, կը հնչէին հայրենասիրական երգեր:
 
«Դիմադրութիւն» շարժումի մասնակիցները կանգ առին կառավարական առանձնատուներու մօտ, ուր ոստիկանները շղթայ կազմած էին:
 
«Առանց Նիկոլ Հայաստան», «Տէր ենք մեր հայրենիքին», «Առանց թուրքի Հայաստան», «Միութիւն, Պայքար, Յաղթանակ», «Նիկոլ դաւաճան», «Արցախ»՝ վանկարկեցին անոնք եւ շարունակեցին երթը:
 
Ֆրանսայի հրապարակին վրայ հանրահաւաքը շարունակուեցաւ:
 
Ելոյթ ունեցաւ Իշխան Սաղաթէլեան:
 
Ան ներկայացուց յառաջիկայ ընելիքներն ու նախատեսուած նախաձեռնութիւնները։