Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Շրջ. Միութեան  Վարչութեան կազմակերպութեամբ Շաբաթ 2 եւ Կիրակի 3 Յուլիս 2022-ին «Գ. Եսայեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Ճեմարանի 10-րդ եւ 11-րդ կարգերու աշակերտութեան պատրաստած գեղարուեստական երեկոն:
Ձեռնարկը սկսաւ բացման պատկերով մը, որուն յաջորդեցին երգեր, պարեր, զաւեշտներ, երաժշտական կատարումներ:
Կարճ ժամանակաշրջանի մը մէջ ճեմարանականները յաջողած էին բեմ հանել իրենց ձիրքերը՝ բեմադրել զաւեշտ, սորվիլ երգ ու պար, նուագել դասական եւ ժողովրդային ստեղծագործութիւններ, ասմունքել, դերեր մարմնաւորել, բեմագրութիւն պատրաստել եւ հանդիսատեսին ներկայանալ անկեղծ ու գունեղ իրենց աշխարհով:
Այս ձեռնարկը մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէ հանդիսատեսին, յատկապէս ճեմարանի աշակերտներուն եւ շրջանաւարտներուն կողմէ, քանի որ աշակերտներուն աշխատանքին արդիւնքն է: Այստեղ ի յայտ կու գան անոնց բազմապիսի ձիրքերը, բեմին վրայ խանդավառ մթնոլորտ կը տիրէ, իսկ հանդիսատեսը հետաքրքրութեամբ կը հետեւի:
Հետաքրքրականը այն է, որ երեկոն իր բոլոր մանրամասնութիւններով՝ բեմայարդարում, տարազներ, յայտագիր, արտասանուած խօսքեր եւ այլն, բծախնդրութեամբ կը պատրաստուի, որովհետեւ աշակերտները իրենց լաւագոյնը կ’ուզեն ներկայացնել, իսկ Շրջ. Միութեան Վարչութիւնը ազատութիւն կու տայ անոնց մտքի թռիչքին, առանց սահմաններ դնելու եւ կաշկանդելու զիրենք:
Զոյգ ձեռնարկներուն ներկայ էին Ազգ. Վարչութիւնը, Ճեմարանի տնօրէնն ու ուսուցչական կազմը, Շրջ. Միութեան Վարչութիւնը, Ճեմարանի Խնամակալութիւնը, ՀՄԸՄ-ի Կ.Վարչութեան ներկայացուցիչը, կրթական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ, քահանայ հայրեր եւ ծնողներ:
Ձեռնարկներու աւարտին, Ճեմարանի տնօրէն Յակոբ Քիլէճեան շնորհակալութիւն յայտնեց Շրջ. Միութեան եւ ձեռնարկի յաջողութեան սատար կանգնած շրջանաւարտներուն:
Ապա խորհրդանշական յուշանուէրով պարգեւատրուեցան Շրջ. Միութեան այն անդամները, որոնք իրենց ներդրումը բերին միութեան աշխատանքներուն, յատկապէս այս ձեռնարկին: Այսպէս. պարգեւատրուեցան՝ Ժիրայր Կարապետեան, Արա Մութաֆեան, Սագօ Պալապանեան, Էլէնա Աւագեան, Նանար Շահինեան, Լենա Չոքկարեան, Անժելա Չաղլասեան, Մարինէ Մարգարեան, Սարին Շահինեան եւ Նանոր Մարտիկեան:
Ձեռնարկներու աւարտին Տէր Զարեհ Քհնյ. Շաքարեան եւ Տէր Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան Սրբազան Հօր բարեմաղթութիւնները փոխանցեցին, ապա «Պահպանիչ» աղօթքով փակեցին զոյգ ելոյթները: