Կրթասիրաց կրթօճախէն ներս ծլարձակելու, հասակ առնելու եւ Միջնակարգէն շրջանաւարտ դառնալու հպարտանքով, յուզումնախառն զգացումներով կը նկարագրեմ մեր աւարտական հանդէսը: Որքա՜ն երախտապարտ ենք մեր սիրելի վարժարանին, տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին, իրենց ընծայած ծառայութիւններուն եւ անսակարկ խնամքին համար։ Անոնք ո՛չ միայն ուսման ճանապարհը հարթեցին մեր առջեւ, այլեւ՝ մեր ձիրքերը մշակեցին։
Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, Շաբաթ, 2 Յուլիս 2022-ին, երեկոյեան ժամը 7։00-ին, Կրթասիրաց Մշկթ. Միութեան «Զ. Գաբրիէլեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան Երկրդ. վարժարանի 2021-2022 տարեշրջանի միջնակարգի եւ երկրորդականի վկայականաց բաշխման հանդէսը, որուն ներկայ գտնուեցան վարժարանի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տէր Խորէն քհնյ. Պէրթիզլեան, Հալէպի Կրթական Տնօրէնութեան Պարտադիր Ուսման քննիչուհի տիկ. Մունա Ալ-Իիտ, Կրթասիրաց Մշկթ. Միութեան Խնամակալութիւնը եւ անոր ատենապետ Տիար Կարպիս Պարտաքճեանը, վարժարանի Հոգաբարձութիւնը եւ անոր ատենապետ Տոքթ. Ռաֆֆի Զէյթճեանը, տնօրէն երկրչ. Անդրանիկ Պօղոսեանը, Ծնողաց Յանձնախումբը, շրջանաւարտներուն ծնողներն ու հրաւիրեալները։ Այս տարի, 12-րդ կարգի հունձքը կոչուեցաւ «Նուպար Յակոբեան» հունձք, անմահացնելու ուսուցիչ, ազգային գործիչ, ԱՄ Նահանգներու Կրթասիրաց Սանուց Միութեան հիմնադիր Նուպար Յակոբեանի անմար յիշատակը:
9-րդ եւ 12-րդ կարգերու գեղարուեստական յայտագիրը ընդգրկեց հայերէն եւ արաբերէն բացման խօսքեր, ասմունք, երգ, նուագ եւ պար։ 12-րդ կարգի աշակերտները ասմունքով յիշատակեցին Եղիշէ Չարենցի ծննդեան 125-րդ ամեակը, հայերէնաւանդ ուսուցչուհի Նորա Տանակէօզեան-Մանսուրեանի հսկողութեամբ։ Հնչեց «Ասմար Ալ-Լաուն» երգը, մենակատարութեամբ Մարինա Նալպանտի, «Կենաց Երգ»ը՝ Ժոզէֆ Ճէնանեանի, «Նարէ» երգին երաժշտութիւնը նուագեցին՝ Սալեմ Նաասանէ (ջութակ), Ֆահմի Քոզապիուք (կիթառ), տեսուչ Յովիկ Օհանեան (դաշնամուր): Արփի Գրտանեան (դաշնամուր) նուագեց Արամ Խաչատուրեանի ստեղծագործութիւնը, որուն ընթացքին շրջանաւարտները ներդաշնակ պար մը ներկայացուցին, պարուսոյց Նայիրի Օհանեան-Մարգարեանի եւ օգնական պարուսոյց Ալիսիա Լախոյեանի գեղարուեստական ղեկավարութեամբ:
Բեմի յարդարանքը պատրաստուած էր տեսուչ Յովիկ Օհանեանի եւ Մարիա Եղիայեանի ջանքերով:
Գեղարուեստական յայտագիրէն ետք, վարժարանի տնօրէն, երկրչ. Անդրանիկ Պօղոսեանն ու ընդհանուր տեսուչ Մարալ Դերձակեանը առաջին անգամ ըլլալով միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտներուն յատկացուած «Անդրանիկ Սոնա Պօղոսեան» ուսումնական մրցանակը ի գործ դնելով պարգեւատրեցին իւրաքանչիւր կարգի հայերէն լեզուի առաջին երեք բարձրագոյն նիշերը ապահովող եւ ընդհանուր նիւթերու բարձրագոյն նիշը ապահովող աշակերտները, նիւթական պարգեւով եւ գնահատագիրով։ Ապա անոնք պարգեւատրեցին նախորդ տարուան Թ. եւ ԺԲ. կարգերու պետական քննութեանց բարձրագոյն գնահատանիշ ապահովող վարժարանի աշակերտները։
Յատուկ յուշանուէրով եւ գնահատագիրով պարգեւատրուեցաւ վարժարանի պետական ընթացաւարտ տնօրէն Մուհամմէտ Հաֆէզը, առ ի երախտագիտութիւն վարժարանին վերելքին ի խնդիր իր տարած աշխատանքին։ Այնուհետեւ, տնօրէնին ձեռամբ, գնահատագիրով եւ ծաղկեփունջով պարգեւատրուեցան վարչական եւ ուսուցչական կազմերէն հետեւեալները.-
– Ընդհանուր տեսուչ Մարալ Դերձակեան, երկար տարիներու վաստակաշատ ծառայութեան համար։
– Տեսուչ եւ արաբերէն լեզուի ուսուցիչ Յովիկ Օհանեան, առ ի գնահատանք Հալէպի Կրթական Տնօրէնութեան «Արուեստը Մեզ Կը Միացնէ» նախաձեռնութեան մասնակցութեան համար իր բերած ներդրումին։
– Ֆրանսերէնի ուսուցչուհի դոկտ. Նուր Մուսալլի-Պասմաճի, իր վաստակին եւ մասնագիտական աչալուրջ դասաւանդութեան համար։
– Նախակրթարանի արաբերէնի վաստակաշատ ուսուցչուհի Թալին Չէքիճեան-Հայտար, իր վաստակին եւ բծախնդիր աշխատանքին համար։
Պարգեւատրումներուն յաջորդեց Կրթասիրաց Սարգիս Չէմպէրճեան Երկրորդական վարժարանի տնօրէն երկրչ. Անդրանիկ Պօղոսեանին խօսքը: Ան ըսաւ. «Կրթասիրացը իր հիմնադրութեան օրէն, որպէս հայակերտումի եւ մարդակերտումի օճախ, 98 տարի շարունակ բաց պահեց իր դռները հայ աշակերտներուն դիմաց, հակառակ բազմատեսակ դժուարութիւններուն»: Ան հաստատեց, որ Հալէպի մայր գաղութը կը շարունակէ մնալ մարդակերտումի այն դարբնոցը, որ մարդուժ կը հայթայթէ համայն հայութեան: Խօսքի աւարտին, ան շնորհակալական խօսք ուղղեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Կրթասիրաց Մշկթ. Միութեան Խնամակալութեան, վարժարանի Հոգաբարձութեան, Ծնողաց Յանձնախումբին եւ վարժարանի հոգատար բոլոր մարմիններուն։
Խումբ մը շրջանաւարտներ, իրենց դասընկերներուն կողմէ հրաժեշտի խօսք արտասանեցին, ապա Տէր Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեանի  ձեռամբ վկայականաց բաշխում տեղի ունեցաւ։
Քահանայ հայրը իր սրտի խօսքը ուղղելով յայտնեց, որ շրջանաւարտները մեր ապագան կը ներկայացնեն, ընկերութեան սիրտը կը կազմեն եւ իրենցմով կեանքը կը շարունակուի:  Ապա Առաջնորդ Սրբազան Հօր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց շրջանաւարտներուն եւ վարժարանի տնօրէնութեան։ Հանդէսը իր լրումին հասաւ «Պահպանիչ» աղօթքով։
Հանդէսէն ետք, վարժարանի շըրջափակէն ներս տեղի ունեցաւ աշակերտական խրախճանք եւ կարկանդակի հատում:
Արփի Գրտանեան
Միջնակարգի շրջանաւարտ