Հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Ս. Շրջ. Վարչութեան եւ Շրջ. Սկ. Խորհուրդին, կազմակերպութեամբ Գամիշլի Մասնաճիւղի Վարչութեան եւ Սկ. Խորհուրդին, Շաբաթ ,9 Յուլիս 2022-ի երեկոյեան «Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Սկաուտի օրուան հանդիսութիւնը։
Հանդիսութեան ներկայ էին Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեան, Պատկան Մարմինի, ՀՄԸՄ-ի Ս. Շրջ. Վարչութեան եւ Շրջ. Սկ. Խորհուրդի ներկայացուցիչներ, շրջ. խմբապետ եւ շրջ. խմբապետուհիներ, ազգային, միութենական եւ բարեսիրական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ եւ ՀՄԸՄ-ի համակիրներու հոծ բազմութիւն մը։
Հանդիսութեան սկիզբը, ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին յիշատակը մեզմէ առյաւէտ բաժնուած ՀՄԸՄ-ականներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Արցախի, Հայաստանի եւ Սուրիոյ նահատակներուն։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ աստիճանաւորական կազմի անդամ Մենար Կէնճոյեան, որ շեշտեց սկաուտութեան կարեւորութիւնը սփիւռքեան տարածքին՝ որպէս դարբնոց հայապահպանման եւ հայակերտումի։
Մասնաճիւղի վարչութեան խօսքը ուղղեց ատենապետ բժիշկ Անդրանիկ Սարգիսեան։ Ան անդրադարձաւ ՀՄԸՄ-ի ծնունդին եւ առաքելութեան քւ ըսաւ. «ՀՄԸՄ-ի շարքերուն մէջ մեր զաւակները կը կազմաւորուին առողջ եւ տոկուն մարմինով, խաղի հրճուանքն ու ընկերասիրութիւնը, կարգապահութիւնն ու առողջ մրցակցութեան առթած եռանդը ըմբոշխնելով։
Այսօր, աւելի քան երբեք, ՀՄԸՄ-ական քոյր եղբայրներէն կ՚ակնկալուի առաւել կամք, առաւել աշխատանք եւ առաւել նուիրում»։
Գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրով բեմ բաձրացան քոյրերն ու եղբարները, ներկայացնելով հայկական նազ պար, բուրգեր, ինքնապաշտպանութեան արուեստ ու չափական մարզանք։
ՀՄԸՄ-ի փողերախումբի իր հնչեղ կատարումներով խանդավառեց ներկաները։
Աւարտին սկաուտական երգչախումբը հՄԸՄ-ին նուիրուած եւ ազգային փունջ մը երգերով ոգեւորեց եւ բարձր տրամադրութեամբ ներշնչեց ներկաները, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Քրիստ Միքայէլեանի։
Քահանայ հօր եւ շրջանային խմբապետ, խմբապետուհիին գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ խմբապետական երդման արարողութիւն, իսկ Նանար Սարգիսեանին խմբապետուհիի աստիճան շնորհուեցաւ։
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ նորագիր-նորընծայի եւ Բ. կարգի վկայականաց բաշխում եւ աստիճանատուչութիւն, ձեռամբ մասնաճիւղի խմբապետ Նանար Սարգիսեանի եւ խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Դաւիթեանի։
Շրջանային Վարչութեան կողմէ յուշանուէրով պարգեւատրուեցան երկարամեայ ծառայութիւն ոնեցող վաստակաշատ ՀՄԸՄ-ականներ, իսկ ծառայութեան շքանշանով պարգեւատրուեցաւ Մովսէս Ադամեան, որ հիմնադիր սերունդին օրինակով տարիներ շարունակ ծառայած էր միութեան շարքերէն ներս։
 
Քահանայ հայրը շնորհաւորեց սկաուտներն ու ՀՄԸՄ-ականները, բարձր գնահատելով ձեռնարկը պատրաստող աշխատակազմը եւ շեշտեց, որ աշխարհի տարածքին ուր որ հայ գտնուի, հոն կը յառաջանայ նաեւ ՀՄԸՄ-ի կառոյցը, որովհետեւ ՀՄԸՄ-ը կոչուած է պահապանը ըլլալու մեր ազգային ինքնութեան։ Կեցցէ՛ ՀՄԸՄ-ը, կեցցե՛ն նուիրեալ ՀՄԸՄ-ականները։
Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Աւետիս Տերվիշեան խօսք առնելով շնորհաւորեց սկաուտները իրենց ստացած վկայականներուն եւ աստիճաններուն առիթով, շնորհաւորեց նաեւ պարգեւատրուող ՀՄԸՄ-ականները, մասնաճիւղին մաղթելով անխափան վերելք։
Յիշեցնենք, որ ՀՄԸՄ-ի Գամիշլի Մասնաճիւղը1933-էն մինչև օրս Ճեզիրէի շրջանէն ներս իր կազմակերպուած աշխատանքով եւ ջամբած ազգային դաստիարակութեամբ իրարայաջորդ սերունդներ կը կերտէ, ու հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, Գամիշլիի մասնաճիւղը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը՝ միշտ ուղեցոյց ունենալով միութեան «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» նշանաբանը։
Փառք ՀՄԸՄ-ի 104-ամեայ եւ Գամիշլիի 90-ամեայ իրագործումներուն։
Բժշկհ. Մարի Մելքոն