Իշխան Սաղաթէլեանի աշխատանքային այցելութիւնը Եւրոպական Խորհրդարան կը շարունակուի
 
Աշխատանքային այցելութեամբ Եւրոպական Խորհրդարան գտնուող ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան 6 Յուլիսին հանդիպումներ ունեցած է՝
 
-Եւրոպական Խորհրդարանի փոխնախագահ Էւա Քաիլիի,
-Արցախի հետ ԵԽ բարեկամութեան խումբի համահիմնադիր Փեթեր Վան Տալենի,
-Հայաստանի հարցով ԵԽ զեկուցող Անտրէյ Քովաչեւի,
-ԵԽ նախկին փոխնախագահ Ֆապիօ Մասիմօ Քասթալտոյի,
-Յունաստանի Սոցիալ-Դեմոկրատական Կուսակցութեան նախագահ, ԵԽ պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան յանձնաժողովի փոխնախագահ Նիկոս Անտրուլաքիսի հետ։
 
Հանդիպումներու ընթացքին քննարկուած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հեռանկարները, ներկայացուած է «Դիմադրութիւն» շարժումի մօտեցումները եւ տէսակետները՝ անգամ մը եւս ընդգծելով, որ առանց Արցախի ժողովուրդի կամ արտայայտութիւնը նկատի առնելու, անհնար է հասնիլ խաղաղութեան, հակամարտութեան վերջնական ու երկարաժամկէտ կարգաւորման։
 
Եւրոպացի գործընկերներուն Սաղաթէլեան ներկայացուցած է Ատրպէյճանի կողմէ շարունակական յարձակումի դրսեւորումները Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի նկատմամբ եւ ակնկալել համապատասխան գնահատական:
 
Բոլոր հանդիպումներու ընթացքին բարձրաձայնած է Ատրպէյճանի մէջ պահուող ռազմագերիներուն հարցը:
 
Հանդիպումներու ընթացքին խօսուած է նաեւ ՀՀ ներքաղաքական հարցերու, «Դիմադրութիւն» շարժումի նպատակներուն եւ ծրագիրներուն մասին: