Համա-ՀՄԸՄական 11-րդ մարզախաղերէն երեք շաբաթ առաջ, պատրաստութիւնները արդէն իսկ ամբողջացած են՝ 20-30 Յուլիս 2022-ին Հայաստանի մէջ յիշատակելի մարզախաղեր կատարելու համար յստակացած են մարզախաղերուն մասնակցող 20 պատուիրակութիւնները՝ 19-ը ՀՄԸՄ-ական շրջաններ եւ Թեհրանի ՀՄԱԿ-ը։ Կատարուած է նաեւ հաւաքական մարզախաղերու մրցումներուն առցանց վիճակաձգութիւնը եւ ճշդուած են մրցակից խումբերը։
Համա-ՀՄԸՄական մարզախաղերը, 41 տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, յայտագիրի վրայ ունին 12 մարզախաղեր.- ֆութպոլ, ֆութսալ, պասքեթպոլ, վոլէյպոլ, փինկ-փոնկ, թենիս, աթլեթ, ճատրակ, լող, կոլֆ, ծովափի վոլէյպոլ եւ 3×3 պասքեթպոլ։ Վերջին երեք մարզախաղերը կը կիրարկուին առաջին անգամ ըլլալով։ Նաեւ, առաջին անգամ ըլլալով, յայտագիրի վրայ են յատուկ խնամքի կարօտ պատանիներու եւ երիտասարդներու մարզախաղերը՝ «Հրաշք» անունով։
Յատկանշական է, որ այս մարզախաղերուն առաջին անգամ ըլլալով կը մասնակցին ՀՄԸՄ-ի Արցախի, Թիֆլիսի, Ամմանի, Միւնիխի եւ Սթոքհոլմի շրջանները։
Մարզախաղերուն բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը կը կատարուի 22 Յուլիսին՝ «Հայ Մարզիկի Օր»-ը, հրապարակային մեծաշուք հանդիսութեամբ մը, որ ուղղակիօրէն կը սփռուի ընկերային ցանցերով։ Ուղղակի կը սփռուին նաեւ մարզախաղերու մասնակիցներուն Ծիծեռնակաբերդ եւ Եռաբլուր այցելութիւնները, աւարտական մրցումները եւ փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը։
Մարզախաղերուն մասնակցելու համար Հայաստան կը ժամանեն 600 մարզիկ-մարզիկուհիներ, մարզիչներ եւ մարզական պատասխանատուներ։ Անոնց կողքին, յատուկ խնամքի կարօտ 200 պատանիներ եւ երիտասարդներ կը կատարեն «Հրաշք» խաղերը եւ կը մասնակցին պաշտօնական բացման հանդիսութեան։
Ստորեւ՝ հաւաքական մարզախաղերու մասնակից շրջաններուն ընդհանուր պատկերը.-
ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ ԵՐԷՑ ՏՂԱՔ
Ա. ԽՄԲԱԿ
1. Արեւմտեան ԱՄՆ (1)
2. Լիբանան
3. ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ
4. Արեւելեան ԱՄՆ (2)
Բ. ԽՄԲԱԿ
1. Արեւելեան ԱՄՆ (1)
2. Աւստրալիա
3. Սուրիա
4. Թեհրանի ՀՄԱԿ
ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ ԵՐԷՑ ԱՂՋԻԿՆԵՐ
1. Աւստրալիա (1)
2. Աւստրալիա (2)
3. Արեւմտեան ԱՄՆ (1)
4. Լիբանան
5. Սուրիա
ՖՈՒԹՊՈԼ
Ա. ԽՄԲԱԿ
1. Արեւմտեան ԱՄՆ (1)
2. Աւստրալիա
3. Թիֆլիս
4. Հարաւային Ամերիկա
Բ. ԽՄԲԱԿ
1. Երուսաղէմ
2. ՀՄԸՄ-Ֆրանս
3. Սուրիա
4. Լոնտոն
ՎՈԼԷՅՊՈԼ ԱՂՋԻԿՆԵՐ
1. Հարաւային Ամերիկա
2. Արցախ
3. ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ (1)
4. ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ (2)
ՖՈՒԹՍԱԼ ՏՂԱՔ
Ա. ԽՄԲԱԿ
1. Լիբանան
2. Մարսէյլ (2)
3. Սթոքհոլմ
4. Սուրիա
5. Երուսաղէմ
Բ. ԽՄԲԱԿ
1. Հարաւային Ամերիկա
2. ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ
3. Գանատա
4. Աւստրալիա
5. Մարսէյ (1)
ՖՈՒԹՍԱԼ ԱՂՋԻԿՆԵՐ
1. Աւստրալիա
2. Հարաւային Ամերիկա
3. Գանատա
4. ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ
ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ 3×3 ՏՂԱՔ
Ա. ԽՄԲԱԿ
1. ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ (1)
2. Լիբանան
3. ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ (2)
4. Լոնտոն
Բ. ԽՄԲԱԿ
1. ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ (3)
2. Գանատա
3. Սուրիա
4. ՀՄԸՄ-Ֆրանս
ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ 3×3 ԱՂՋԻԿՆԵՐ
1. Լիբանան (1)
2. Լիբանան (2)
3. Սուրիա
ԾՈՎԱՓԻ ՎՈԼԷՅՊՈԼ ԱՂՋԻԿՆԵՐ
1. Գանատա
2. ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ (1)
3. ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ (2)
4. ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ (3)
Անհատական մարզախաղերու պարագային, շրջաններու մասնակցութեան պատկերը կը պարզէ հետեւեալը.-
Աթլէթ.- Պաղտատ, Աւստրալիա, Լիբանան, Հարաւային Ամերիկա, Արեւմտեան ԱՄ Նահանգներ, Արցախ եւ Լոնտոն։
Թենիս.- Պաղտատ, Աւստրալիա, Լիբանան, Հարաւային Ամերիկա, Արեւմտեան ԱՄ Նահանգներ։
Փինկ-փոնկ.- Հ.Մ.Ը.Մ.-Ֆրանս, Պաղտատ, Սթոքհոլմ, Գանատա, Լիբանան, Հարաւային Ամերիկա, Արեւմտեան ԱՄՆ, Արցախ, Թիֆլիս։
Լող.- Աւստրալիա, Հարաւային Ամերիկա, Լոնտոն։
Ճատրակ.- Պաղտատ, Միւնիխ, Գանատա, Լիբանան, Հարաւային Ամերիկա, Արեւմտեան ԱՄՆ, Թիֆլիս, Լոնտոն, Սուրիա։
Կոլֆ.- Արեւմտեան ԱՄ Նահանգներ, Գանատա, Հարաւային Ամերիկա, Մարսէյ։