“Թերթ”._44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով Արցախէն տեղահանուած արցախցիները բողոքի ցոյց իրականացուցած են ՄԱԿ-ի հայաստանեան գրասենեակին մօտ։ Անոնք լրագրողներու հետ զրոյցին նշեցին, որ իրենց հիմնական պահանջը կը շարունակէ մնալ փախստականի կարգավիճակ ստանալու հարցը։
«Մեր հիմնական պահանջը կը շարունակէ մնալ փախստականի կարգավիճակ ստանալու հարցը, որ կապուած է չարաբաստիկ 9 Նոյեմբերի փաստաթուղթի 9-րդ կէտին հետ։ Ատրպէյճանի նախագահը յայտարարած է, որ Շուշի վերադառնալու իրաւունք պիտի ունենան միայն անոնք, որոնք մինչեւ 1988_ին ապրած են այնտեղ, իրենք կը հանդիսանան փախստական։ Եթէ գործընթաց սկսի եւ ռուսական կողմը ստիպէ ատրպէյճանցիներուն դուրս գալ Շուշիէն եւ քաղաքը մնայ խաղաղապահներու հսկողութեան տակ, կը հասկցուի, որ Բաքուի մէջ ապրող շուշեցիները, որոնք ունին այդ կարգավիճակը, պիտի կարենան վերադառնալ, իսկ այն հայերը, որոնք ապրած են Շուշիի մէջ, չեն կրնար վերադառնալ, որովհետեւ չունին փախստականի կարգավիճակ։ Նոյնը կը վերաբերի նաեւ միւս շրջաններուն», ըսաւ բողոքի ցոյցի մասնակիցներէն մէկը։
 
Անոնք նշեցին, որ հանդիպում ունեցած են ՄԻՊ-ի հետ, ներկայացուցած են իրենց պահանջները եւ քննարկած են, թէ ինչ միջոցներով կարելի պիտի ըլլայ լուծել փախստականի կարգավիճակ ստանալու հարցը։