Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Ս. Եպս. Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ Լաթաքիոյ Ազգ. Սրբոց Նահատակաց վարժարանի Հոգաբարձութեան և Տնօրէնութեան, Ուրբաթ, 8 Յուլիս 2022-ի երեկոյեան ժամը 7։00-ին տեղի ունեցաւ միջնակարգի 9-րդ կարգի ամավերջի հանդէսը, «Արարատ» սրահէն ներս։
 
Վարժարանիս 100-ամեակի և սփիւռքի տարուան նուիրուած հանդէսին յայտագիրը կ՛ընդգրկէր հայերէն և արաբերէն բացման խօսքեր, Յ. Շիրազի հայրենասիրական քերթուածներէն քաղուած փունջեր, արաբերէն ասմունք, վարժարանիս 100-ամեակին նուիրուած հայերէն և արաբերէն խօսքեր, շրջանաւարտներու կողմէ ներկայացուած երաժշտական կտորներ, հայկական նազ պար և հրաժեշտի պար, ինչպէս նաեւ աշակերտական ուղերձներ և սահիկներու ցուցադրութեամբ սփիւռքի հակիրճ պատմութիւնը, որուն եզրափակիչ պատկերով շրջանաւարտները հպարտութեամբ յիշատակեցին վարժարանիս 100-ամեակը, մեծապէս խանդավառելով ներկաները։
 
Գերշ. Սրբազան հայրը բարձր գնահատեց հանդէսի պատրաստութեան բծախնդիր աշխատանքը և շրջանաւարտներու հունձքը անուանեց 100-ամեակի սերունդ, յաջողութիւն մաղթելով շրջանաւարտներուն՝ իրենց կեանքի տարբեր փուլերուն։
 
Հանդէսը վերջ գտաւ սրբազան հօր «Պահպանիչ» աղօթքով:
 
Մանրամասնութիւնները՝ յաջորդիւ։