Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանը 75 տարեկան է։ Իր հիմնադիրներու տեսլականով երկար ճամբայ կտրած, սերունդներ կերտած ու հայեցի կրթութիւն եւ գիտութիւն ջամբած այս հաստատութիւնը կրթօճախ մը չեղաւ սոսկ։ Ան եղաւ հայակերտումի դարբնոց մը, նորահաս սերունդներու հոգեմտաւոր աշխարհը հարստացուց իր կրթական մշակներուն եւ վարչական պատասխանատուներուն հետեւողական աշխատանքին ու գուրգուրանքին, իր մթնոլորտին շնորհիւ։
75-ամեակի շրջանաւարտ սերունդը լուսաւոր էջ մը եւս աւելցուց Ճեմարանի ոսկեմատեանին մէջ, երկրի դժուարին պայմաններուն մէջ պաքալորիայի պետական քննութիւններուն բացառիկ արդիւնք արձանագրելով ու Հալէպ նահանգի մակարդակով բարձրագոյն գնահատանիշեր ապահովող տասնեակին մէջ երկու աշակերտներով իր ներկայութիւնը ամրագրելով։
Արդարեւ, հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Ս. Եպս. Զօպուեանի, Կիրակի, 10 Յուլիս 2022-ի երեկոյեան ժամը 7։30-ին, Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի շրջափակէն ներս տեղի ունեցաւ 2021-2022 ուսումնական տարեշրջանի երկրորդականի աւարտական հանդէսը։
Հանդիսութեան ներկայ էին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգ. Կեդր. Վարչութեան անդամ Հրաչ Յակոբեան, ՀՄԸՄ-ի Կեդր. Վարչութեան ներկայացուցիչ Մանուկ Քէօշկէրեան, Պատկան Մարմնի ներկայացուցիչներ, Սուրիոյ Խորհրդարանի անդամ Ժիրայր Րէիսեան, Բերիոյ Թեմի Ազգ. Վարչութեան, ինչպէս նաեւ բարեսիրական, մշակութային եւ մարզական միութիւններու ներկայացուցիչներ, Ճեմարանի խնամակալութիւնը, տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմը, Շրջ. Միութեան անդամներ ու ծնողներ։
Հանդէսը բաց յայտարարուեցաւ ու ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին նահատակներուն յիշատակը: Աշակերտական երգչախումբը մեկնաբանեց Սուրիոյ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան զոյգ քայլերգները, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Սելա Պազարպաշեանի եւ Մեղրիկ Սուսանիի։
Ճեմարանի խորհրդանշական ջահը Ճեմարանի առաջին տասնամեակի շրջանաւարտներէն Հիլտա Չաղլասեանի եւ Սարգիս Գրատեանի ձեռամբ փոխանցուեցաւ 75-ամեակի սերունդին։ Վերջինս ստանձնելով ջահը ուխտեց տէր կանգնիլ իր վարժարանին ու անոր հիմնադիրներու տեսլականին։
Հայերէն բացման խօսքով շրջանաւարտ Սելա Պազարպաշեան, իսկ արաբերէն՝ շրջանաւարտ Աննա Չալաքեան իրենց դասընկերներուն անունով շնորհակալութեան խօսք ուղղեցին տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին, ծնողներուն՝ իրենց քաջալերանքին ու զօրակցութեան համար, դիտել տալով որ այս սերունդը, հակառակ տիրող դժուար պայմաններուն, բարձր պահեց գիտութեան դրօշը ու առանց ճիգ խնայելու անկարելին կարելի դարձուց։
12-րդ կարգի աշակերտներէ բաղկացած երգչախումբը այնուհետեւ ներկայացուց հայկական եւ արաբական երգերու փունջ մը, գեղ. ղեկավարութեամբ Ռուզան Պարսումեանի։
Յաջորդաբար խումբ մը աշակերտներ ասմունքեցին  Ճեմարանի շրջանաւարտներ՝ Կարօ Արսլանեանի, Մարուշ Երամեանի եւ Տիգրան Գաբոյեանի բանաստեղծութիւնները նուիրուած Ճեմարանին ու հայ դպրութեան:
Այնուհետեւ խումբ մը շրջանաւարտներ յաջորդաբար մեներգեցին հայկական ժողովրդական երգեր, իսկ մեներգներուն յաջորդեց խմբային նուագ մը՝ Խաչատուր Աւետիսեանի «Իլիկներու Պար»-ը։
Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի պետական տնօրէն Ապտ ալ-Համիտ Նասրի իր սրտի խօսքը ուղղելով շնորհակալութիւն յայտնեց Հալէպի Կրթութեան Տնօրէնութեան, թեմիս առաջնորդին, վարժարանի խնամակալութեան, տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ ծնողներուն, որոնց միասնական աշխատանքին շնորհիւ աշակերտները կը հասնին յաջողութեան եւ պատուաբեր արդիւնքի։ Ան նկատել տուաւ, որ այս օրը կը զուգադիպին երեք առիթներ՝ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատի Հալէպ այցելութիւնը, Ատհա տօնը եւ Ճեմարանի 75-ամեակը: Այս զուգադիպութիւնը դրական լիցքերով կը ներշնչէ մեզ՝ ծաղկեցնելու նորահաս սերունդներուն կեանքի ուղին ու միասնաբար յաղթահարելու մեր դիմաց ծառացող դժուարութիւնները:
Խումբ մը շրջանաւարտներ ներկայացուցին խմբային արաբերէն ասմունք, որուն հեղինակն էր ճեմարանի արաբերէն լեզուի վաստակաշատ ուսուցիչ Տիմիթրի Հաթէմ։
Ապա 1977-ի սերունդէն Հուրի Տէրտէրեան շնորհաւորեց 75-ամեակի սերունդը եւ իր սերունդի շրջանաւարտներուն կողմէ իւրաքանչիւր վկայեալի եւ ոչ աւարտական կարգերու լաւագոյն աշակերտի տրամադրեց նիւթական նուէր։
Շրջանաւարտներու անունով հայերէն ուղերձ արտասանեց Քարէն Գատեհճեան, իսկ արաբերէն՝ Աբրահամ Աւընեան: Որպէս 75-ամեակի շրջանաւարտ սերունդի ներկայացուցիչներ անոնք իրենց ուրախութիւնը յայտնեցին, ապա նկարագրեցին Ճեմարանի բակին մէջ իրենց հսկող բարի աչքերը Քարէն Եփփէի, Հրաչ Փափազեանի եւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի, դասապահերը, զբօսանքները, գրադարանն ու տարրալուծարանը ու այս բոլորին հանրագումարը հանդիսացող Ճեմարանի հայեցի, առողջ մթնոլորտը: Ապա շնորհակալութիւն յայտնեցին տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին ու ծնողներուն եւ հաստատեցին, որ իրենց յաջողութեան գաղտնիքը, անհատական անդուլ աշխատանքին կողքին, միասնականութեան եւ գործակցութեան մէջ էր։
Ապա Ճեմարանի սանդուխներէն բեմ բարձրացան շրջանաւարտները եւ ուխտեցին հաւատարիմ ջահակիրները ըլլալ հիմնադիր սերունդին:
Ճեմարանի տնօրէն Յակոբ Քիլէճեան լուսարձակի տակ առաւ ճեմարանականներուն ձեռք բերած յաղթանակները։ Ան հակիրճ ձեւով ներկայացուց 2021-2022 ուսումնական տարեշրջանի տեղեկագիրը։
Քիլէճեան այնուհետեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր, ազգ. վարչութեան, ուսումնական խորհուրդին, Ճեմարանի խնամակալութեան, պետական տնօրէնին, շրջանաւարտից միութեան վարչութեան, ուսուցչական եւ վարչական կազմերուն, երգչախումբի ղեկավարին, խմբային ասմունքներու պատասխանատուներուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Դպրոց հիմնադրամին, ԱՔԵ Ճեմարանի Քալիֆորնիոյ Ընկերակցութեան, անոր Հալէպի յանձնախումբին,  ճեմարանի նախկին սերունդներուն, «Էօժենի Պետրոսեան» պարգեւին, «Կիլիկիա» հրատարակչատան, Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան եւ Հայագիտական Հիմնարկին, անհատ բարերարներու ու բոլոր անոնց, որոնք նիւթապէս եւ բարոյապէս ճեմարանին կողքին են տեւաբար։
Աւարտին ան իր խօսքը ուղղելով ճեմարանականներուն ըսաւ. «Դո՛ւք, որպէս 75-ամեակի սերունդ, ձեր բարձրագոյն նիշերով եզակի սերունդ մը եղաք Ճեմարանի պատմութեան մէջ: Նիշերու այսպիսի պատկեր ճեմարանի պատմութեան մէջ աննախադէպ է:  Ձեր սերունդը առաջնակարգ դիրքեր ապահովեց Հալէպի եւ Սուրիոյ մակարդակներու վրայ: Ապրի՛ք, տղա՛ք ու աղջիկնե՛ր: Շարունակեցէ՛ք բարձրագոյն ուսման ձեր երթը ինքնավստահութեամբ»։
Ապա տնօրէնը ուժ, կորով եւ համբերութիւն մաղթեց երկրիս իմաստուն նախագահ տոքթ. Պաշշար ալ-Ասատին, որպէսզի շարունակէ Սուրիան առաջնորդել դէպի խաղաղութիւն եւ բարգաւաճում։
Տնօրէնին խօսքէն ետք, հանդիսավարը բեմ հրաւիրեց Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութեան Վարչութեան ատենապետ Ներսէս Պարսումեանը՝ պարգեւատրելու 2020-2021 ուսումնական տարեշրջանի 12-րդ կարգի պետական քննութեանց առաջին երեք դիրքերը գրաւող հետեւեալ շրջանաւարտները՝  գիտական բաժին.- Մեղրիկ Ստեփանեան (առաջին), Սալբի Մաթոսեան (երկրորդ), Արփի Գէորգեան (երրորդ), գրական բաժին.- Լորա Հոմսի  (առաջին), Աստղիկ Դանիէլեան (երկրորդ), Ներսէս Գալայճեան (երրորդ): Անոնք ստացան նաեւ ՍՕ Խաչի կողմէ տրամադրուած նիւթական պարգեւը: ՍՕԽ-ը պարգեւատրեց նաեւ 2021-2022 տարեշրջանի առաջնակարգ հետեւեալ աշակերտները՝ 10-րդ կարգ.- Արէն Խրոյեան, Աննա Պետրոսեան եւ Յովիկ Տատաղլեան, իսկ 11-րդ կարգ.- Աննա Սաղպազարեան, Արեգ Արոյեան եւ Սէրլի Պետրոսեան։
«Էօժենի Պետրոսեան» մրցանակին արժանացան երեք տարիներու հայերէն լեզուի բարձրագոյն գնահատանիշերը ապահոված հետեւեալ շրջանաւարտները.- Աննա Չալաքեան, Քարէն Գատեհճեան, իսկ «Մկրտիչ Մկրտիչեան» մրցանակին, որ «Կիլիկիա» հրատարակչատան կողմէ 31 գիրքերէ բաղկացած կոկիկ գրադարան մը կը նուիրէ, արժանացան.-  Կալին Պալապանեան, Քարէն Գատեհճեան եւ Աննա  Չալաքեան։
Վրայ հասաւ շրջանաւարտ հունձքին սպասուած պահը՝ վկայականաց բաշխումը։ Առաջնորդ Սըրբազան Հօր ձեռամբ վկայուեցան 50 շրջանաւարտներ, իսկ հայերէն լեզուի առաջնակարգ շրջանաւարտները տնօրէնութեան կողմէ գովասանագրերով եւ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան կողմէ Յակոբ Օշականի «Վկայութիւն» գիրքով պարգեւատրուեցան։
Տպաւորիչ էր Սրբազան Հօր պատգամը: Տէր Մասիս յիշեց, որ Հալէպը եւ հալէպահայութիւնը կը վկայեն, որ այս կառոյցը 75 տարի շարունակ շէնք չեղաւ միայն, այլ անոր մէջ ազգային արժէքներով հարստացած հայեր կերտուեցան ու տարածուեցան աշխարհով մէկ: Ապա խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն ըսաւ. «Սիրելի՛ շրջանաւարտներ, մարդկութիւնը ամբողջ կը կանգնի վտանգաւոր, փոթորկոտ խաչմերուկի մը առջեւ… պատերազմ, տնտեսական եւ բարոյական անկում: Ձեր ուսերուն դրուած է հոսանքն ի վեր նաւարկելու պարտաւորութիւնը: Պիտի մնաք երբեմն առանձին, հեռու Ճեմարանէն եւ ծնողներէն: Ձեր յաջողութիւնը կը հաստատուի այն ատեն, երբ առանձին կը մնաք նաւարկութեան մէջ ու կը յաջողիք՝ վստահելով ձեր մտքին, ձեր ուժին, բացուելով աշխարհին, դիմագրաւելով փոթորիկներն ու կեանքի բնական տագնապները: Ձեր գիտելիքները գործի պիտի վերածէք ու գոյատեւելով ծաղկեցնէք մեր կեանքը: Մեր կեանքը ամայի է առանց ձեր ներկայութեան: Ազգային մեր կեանքը, մեր եկեղեցին, մեր միջավայրն ու միութիւնները դուք պիտի ծաղկեցնէք, սիրելի՛ շրջանաւարտներ»:
Ապա Սրբազան Հայրը մաղթեց, որ Տիրոջ օրհնութեամբ ծաղկի ու յաջողութեամբ պսակուի այս սերունդին ուսման եւ կեանքի ճանապարհը:
Հանդէսը փակուեցաւ ճեմարանի քայլերգով ու հնչեց վերջին զանգը։ Շրջանաւարտները յուզումնախառն ապրումներով հրաժեշտ տուին Ճեմարանին:
Շրջանաւարտներուն խրախճանքը շարունակուեցաւ «Անի» ճաշարանէն ներս, կազմակերպութեամբ Ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութեան Վարչութեան։
Ժիրայր Կարապետեան