Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Եպս. Զօպուեանի, Շաբաթ, 9 Յուլիս 2022-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Քեսապի «Սարդարապատ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարանի ԺԲ. Եւ Թ. կարգերու ամավերջի հանդէսն ու վկայականաց բաշխումը:
 
Հանդիսութեան ներկայ էին` Հալէպէն ժամանած Տէր Մաշտոց քհնյ. Արապաթլեան, Քեսապի Հայ Առաքելական Համայնքի հովիւ պատուելի Շանթ Ակիշեան, Հայ Կաթողիկէ ժողովրդապետ Հայր Նարեկ վրդ. Լուիսեան, Քեսապի գիւղապետ Վազգէն Չափարեան, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ասպետ» շքանակակիր, քեսապցի Սեպուհ Մանճիկեան, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Կարօ Մանճիկեան, միութիւներու ներկայացուցիչներ, ծնողներ, Ճեմարանի մեծ ընտանիքը եւ քեսապահայ հոծ բազմութիւն մը։
 
Հանդիսութիւնը սկսաւ Սուրիական Արաբական Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգներով, որմէ ետք մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ հանդիսատեսը յարգեց յիշատակը հայրենիքի համար զոհուած անցեալի եւ ներկայի նահատակներուն:
 
Հայերէն բացման խօսք արտասանեց ԺԲ. կարգէն Կարէն Սաղտճեան, իսկ արաբերէն՝ Ալիք Քորթմոսեան, որմէ ետք սկիզբ առաւ գեղարուեստական յայտագիրը:
 
Թ. Կարգէն աշակերտուհիներ ներկայացուցին արաբերէն խմբային արտասանութիւն մը:
 
Թ. եւ ԺԲ. կարգերէն վկայուողները ներկայացուցին «Քառաձայն Յաղթական Հայերգութիւն» խորագրով պատկերներու շարք մը՝ Հայաստան, Արցախ, Սփիւռք եւ Քեսապ քառամիասնութիւնը ուշադրութեան տակ առնող:
 
Ճեմարանի տնօրէն Վարուժան Փանոսեան ներկայացուց 2021 ֊ 2022 տարեշրջանի տեղեկագիրը, որուն մէջ անդրադարձաւ աշակերտութեան թուային պատկերին, ուսուցչական կազմին, տարեշրջանի ընթացքին տարուած աշխատանքներուն եւ աշակերտութեան գործունէութեան, ապա հոգաբարձութեան ատենապետ Նշան Լնդեան հոգաբարձութեան խօսքը ուղղեց, շնորհակալութիւն յայտնելով սրբազան հօր, որ միշտ նեցուկ կանգնած է ճեմարանին, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ճեմարանի բարերարներուն եւ նուիրատուներուն։
 
Նախքան վկայականաց բաշխումը տեղի ունեցաւ Ճեմարանի խորհրդանիշներու փոխանցում նախ` գիտութիւն, հաւատարմութիւն, նուիրում նշանաբաններով Ճեմարանի դրօշին, ապա գիտութեան, կրթութեան եւ մշակոյթի լոյսի խորհրդանիշ կանթեղին։
Որպէս հուսք բանք շրջանաւարտները ներկայացուցին իրենց սրտի խօսքը, իսկ դասարանի անունով ուղերձ ընթերցեց Սեւան Չէլէպեան։
Ապա տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխումը, վկայեալ սերունդը կոչուեցաւ «Արցախ»։
Պարգեւատրուեցան Ժբ. Եւ Թ. կարգերուն հայերէն դասանիւթի առաջնակարգ աշակերտները, իսկ շրջանաւարտները նուէր ստացան արցախցի պարմանուհի Ժասմին Հայրապետեանի (Հրաշագործ նռանէ) հեքիաթային վիպակը։
Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ Ճեմարանի քայլերգուվ եւ Տէր Հօր սրտի խօսքով ու «Պահպանիչ» աղօթքով։
 
Թղթակից