«Էրմէնիհապէր» կը հաղորդէ, որ ԱՄՆ ներկայացուցիչներու պալատը ընդունած է ժողովրդավար անդամ Քրիս Փափասի կազմած օրինագիծը, որով կը նախատեսուի խիստ վերահսկողութիւն սահմանել Թուրքիոյ F-16 կործանիչներու վաճառքի գործընթացին վրայ: Փաստաթուղթը ընդունուած է 244 կողմ, 179 դէմ յարաբերակցութեամբ:
Կը նշուի է, որ Փափաս այս նախագիծը ներկայացուցած է Յունաստանի ունեցած մտահոգութիւններուն պատճառով: Նախագիծին մէջ կործանիչներու վաճառքի գործընթացին մէջ 2 նախապայման  հարկ է աւելցնել:
Նախապայմաններէն մէկը այն է, որ վաճառքը պէտք է իրականացուի ԱՄՆ-ի ազգային շահերուն համապատասխան, միւսը կը յուշէ, որ պէտք է երաշխիքներ տրամադրուին առ այն, որ կը կանխարգիլեն Թուրքիոյ կողմէ այդ կործանիչներով Յունաստանի տարածք չարտօնուած թռիչքներու իրականացումը: