Թեհրանի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան քննարկած են ԼՂ հիմնահարցը եւ Սուրիոյ ճգնաժամի կարգաւորման հարցը։ Նախագահները քննարկած են նաեւ երկկողմանի նախագիծեր։ «Շատ հարցեր կան նաեւ Սուրիոյ ճգնաժամի կարգաւորման առնչուած։ Երկկողմանի նախագիծեր կը զարգանան։ Մեր ուշադրութեան կեդրոնն է մէկայլ կարեւոր հարց՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորումը», ըսած է Փութին։ Ան յիշեցուցած է, որ վերջերս հանդիպած է Ատրպէյճանի նախագահին հետ։ «Մենք շատ մեծ օրակարգ ունինք», ըսած է Փութին։ Անոր խօսքին համաձայն, Ռուսիա-Թուրքիա յարաբերութիւնները կը զարգանան, առեւտրաշրջանառութիւնը կ’աճի, մեծ կշռոյթով։ Փութին նաեւ գոհունակութիւն յայտնած է, որ Ասթանայի «եռեակի» գագաթաժողովին ինք ու Էրտողան կարելիութիւն ունին երկկողմ հանդիպում ունենալու, որովհետեւ բաւական կուտակուած հարցեր առկայ են։