Յուլիսի կիսուն ԱՄՆ-ի նախագահ Ճօ Պայտընի այցելութիւնը Սէուտական Արաբիա կը յուշէր ծոցի երկիրներու եւ Միջին Արեւելքի տարածաշրջանին մէջ միջազգային ուժերու մրցավազքին մասին, յատկապէս ռուս-ուքրանական պատերազմին լոյսին տակ: Միացեալ Նահանգներ եւ արեւմտեան երկիրներ ամէն գնով կը փորձեն պաշարել Ռուսիան, փոխարէնը ստեղծել այնպիսի ազդեցիկ դաշտեր, որոնց ճամբով կարելի պիտի ըլլայ ռուսական կազը, ցորենը եւ այլ հարստութիւնները փոխարինող աղբիւրներ գտնել՝ նուազեցնելու Ռուսիոյ արտածման ազդեցութիւնը արեւմտեան երկիրներու վրայ:
Միւս կողմէ ԱՄՆ ծոցի երկիրներուն հետ մերձենալով կը ջանայ նուազագոյնի իջեցնել տարածաշրջանի ազդեցիկ երկիրներու՝ Իրանի եւ Թուրքիոյ դերը այդ երկիրներուն վրայ:
Այս այցելութեան որպէս պատասխան Թեհրանի մէջ օրերս հանդիպեցան Թեհրանի, Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ նախագահները՝ առաւելաբար Սուրիոյ հարցը քննարկելու, բայց նաեւ իրենց համար կարեւոր նշանակութիւն ունեցող հարցեր միասին վերլուծելու եւ կարմիր գիծեր սահմանելու կողմերու արեւելումներուն մէջ:
Ռուսիան կարեւոր ներկայութիւն է արդէն Միջերկրականի շրջանին մէջ: Իրանն ու Թուրքիան եւս իրենց ազդեցութիւնը ունին այս տարածաշրջանին մէջ: Ուստի, ԱՄՆ-ի կազմած բեւերին դիմաց անոնց գործակցութիւնը կը բխի բոլորին շահերէն:
Սուրիոյ հարցին պարագային գագաթնաժողովը դրական էր իր լուծումներու առաջարկներով: Առաջարկներ, որոնց մէջ կը քննադատուի նաեւ Թուրքիան, որովհետեւ ինք եւս կարճ շրջան մը առաջ կը նախատեսէր զինուորական գործողութեան ձեռնարկել Սուրիոյ հիւսիսային շրջանին մէջ:
Այս գագաթնաժողովին զինուորական այդ գործողութեան հաւանականութիւնը համարեա՛ չքացաւ ու Թուրքիան պարտաւորութիւն ստանձնեց գագաթնաժողովի միւս երկու երկիրներուն նման յարգելու Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնն ու բացառելու զինեալ որեւէ միջամտութիւն սուրիական տարածքին:
Աւելին՝ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հոգեւոր առաջնորդը Թուրքիոյ նախագահին հետ հանդիպման  առանց բառերը ծամծմելու, յստակօրէն ըսաւ, որ Սուրիոյ հիւսիսային շրջանի վրայ որեւէ յարձակում չի ծառայեր տարածաշրջանի երկիրներուն, այլ կը ծառայէ ահաբեկիչներուն:
Այսպիսով Իրան պարզեց, որ Սուրիոյ դէմ զինուորական ուժ կիրարկելը Իրանի համար կարմիր գիծ է:
Իրանի հոգեւոր առաջնորդը այլ կարմիր գիծի մը մասին ալ խօսեցաւ, երբ հանդիպելով Փութինին, ապա նաեւ Էրտողանին, շեշտեց, որ Իրան պիտի չհանդուրժէ Հայաստան-Իրան սահմանի փակումը, որովհետեւ այդ սահմանը դարերու պատմութիւն ունի:
Այս երկու հարցերուն առումով Թուրքիոյ յստակ ուղերձներ ուղղուեցան:
Բնականաբար այս բոլորին դիմաց Թուրքիան եւս իր շահերը հետապնդելով պիտի փորձէ իր գործակիցներուն հաւանութիւնը ստանալ Սուրիոյ մէջ քրտական գործօնի թուլացման ուղղուած իր ծրագիրներուն համար ու բարելաւել իր յարաբերութիւնները տարածաշրջանի երկիրներուն հետ, որպէսզի պահէ իր ազդեցութիւնը ե՛ւ տարածաշրջանի, ե՛ւ Հարաւային Կովկասի մէջ:
Սուրիա տասը տարի շարունակ դէմ դնելով պատերազմին իր յստակ դիրքորոշումը յայտնեց, կրկնեց ամէն առիթի ու տէր կեցաւ անոր: Նոյն այդ դիրքորոշումը արտացոլաց թէ՛ նախագահին ուղերձներուն ընդմէջէն, թէ՛ կառավարութեան, եւ թէ՛ դիւանագիտական ներկայացուցիչներուն ամէն առիթի հնչած խօսքերուն ընդմէջէն: Այդ սկզբունքներն էին՝ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան պահպանումը, երկրի մասնատման բացառումը, երկրի գերիշխանութեան պահպանումը եւ օտար ուժերուն դուրս գալը:
Եւ հակառակ ներքին թէ արտաքին կողմերէ հնչած քննադատութիւններուն, տարածաշրջանի երկիրներուն կողմէ եւս հաստատուեցան այդ սկզբունքները՝ առ ի գործադրութիւն:
Թեհրանի գագաթնաժողովէն ետք, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարը Իրանի արտաքին գործոց նախարարին հետ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին գագաթնաժողովին արդիւնքը դրական համարեց, Սուրիոյ պահանջները յստակօրէն բանաձեւեց, յատկապէս Թուրքիոյ, ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի ուղղելով իր խօսքը: Ան եզրափակելով ըսաւ որ Սուրիոյ բանակն ու ժողովուրդը երկիրը պիտի պաշտպանեն արտաքին որեւէ յարձակումի կամ թափանցումի պարագային: Միջազգային առումով Մըքտատ դիտել տուաւ որ աշխարհը այսուհետեւ միաբեւեռ չէ, ան բազմաբեւեռ է արդէն, իսկ բռնատիրութեանց, զինուորական յարձակումներու ժամանակը անցած է, դարը արեւելումներու եւ քաղաքական լուծումներու դար է:
Այս գագաթնաժողովը ուղերձներ կը յղէ նաեւ Հայաստանին՝ ազդեցիկ երկիրներու շահերու բախումէն առաւելագոյնս օգտուելու եւ իրեն դէմ ցցուող վտանգները նուազագոյնի իջեցնելու: