Դոկտոր Յակոբ Չոլաքեան դիմատետրի իր էջին կը գրէ.
 
Այսօր քեսապցիներու Պարլումն է՝ Վարդավառը։
 
Իսկ Պարլումը փաստօրէն Զեւսի տաճարին հիմքին վրայ կառուցուած վաղ քրիստոնէական տաճարական համալիր է, Քեսապ եւ Սեւ աղբիւր գիւղերէն քիչ հիւսիս, Կասիոս լեռան լանջին։ Քեսապցիներուն ու Անտիոքի շրջանի բովանդակ հայութեան համար ան Վարդավառի տօնին կազմակերպուող եռօրեայ ուխտագնացութեան վայր էր հարիւրաւոր տարիներէ ի վեր։
 
Պարլումի մէջ հնագիտաական պեղումներ կատարած են հայր Յովհաննէս Մըսըրեան եւ Վախթանգ Ճոպաձէ․ ունին ծանրակշիռ ուսումնասիրութիւններ անոր մասին։ Ուխտագնացութեան աւանդութիւնը այնքան խոր եղած է, որ քեսապցիք Վարդավառ բառը մոռցած՝ հայ եկեղեցւոյ հինգ տաղաւարներէն այդ մէկը ուխտավայրի անունով կոչած են Պարլում։
 
1939-ի նոր սահմանագծումով Պարլումը կը մնայ Թուրքիոյ կողմը, ու քեսապցիք կը զրկուին իրենց ամէնէն նշանաւոր համաժողովրդական ուխտագնացութիւնը այնտեղ կատարելէն։
 
Ուխտավայրը հոն կը մնայ, սահմանէն քիչ անդին, բայց Պարլումը՝ իբրեւ Վարդավառ կը մնայ քեսապցիներու խօսուածքին մէջ։ Դեռ աւելին՝ երբ քեսապցիք, ճարահատ, համաժողովրդական ուխտագնացութեան համար կ՛ընտրեն Ս․ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը Ներքի Գիւղի կիղիցիկին կից, այս ալ կը կոչեն Պարլում՝ իբրեւ տօն ու զատիկ։
 
1960-ական թուականներուն տ․ Զաւէն քհն․ Փոլատեանի օրով փորձ մըն ալ եղած է Պարլումի տօնակատարութիւնն ու ուխտագնացութիւնը տեղափոխել Գարատուրանի ծովամերձ գերեզմանատան մէջ գտնուող Ս․ Գէորգ ուխտավայր-կիղիցիկը, Գապի աղբիւրին մօտ։ Փորձը յաջողութիւն չէ ունեցած։
 
Հետաքրքրական է նաեւ նշել, որ Վարդավառի ուխտագնացութիւնը Պարլումի մէջ կատարելու իրաւական միջոցներ գտնելու փորձ ալ եղած է։ Այդպիսի դատ մը ԱՄՆ-ի մէջ կը վարէին երկու յայտնի իրաւաբաններ՝ Կարո Ղազարեանն ու Գառնիկ Քորքունեանը։ Դատը կը պատկանէր Կարոյի հանգուցեալ հօրը։ Ես մանրամասնութիւններու չեմ տիրապետեր, թերեւս՝ Կարոն օգտակար ըլլայ։
 
Ուրեմն այսօր Պարլում է, ջրուելու եւ ծովագնացութեան օր է նաեւ քեսապցիներու համար։ Տօն մը, որ բազմաթիւ աւանդութիւններով կապուած է Սափան (Կասիոս) լեռան վրայ Նոյեան տապանի հանգչելուն, ջրանոյշի, արվանտի (վիշապ) եւ սերնդագործութեան հետ։ Այսպէս՝
 
-Շընըֆուր Ձիր զէտէյը, ամըն տարա եաս ուօրը։