(Արտասանուած՝ Բիւրոյի անդամ Խաժակ Մկրտիչեանի կողմէ)
39 տարի առաջ հայ ժողովուրդի ազգային ազատագրական պայքարի հինգ նուիրեալներ արշաւեցին Լիզպոն ու իմացեալ մահը ընտրելով բռնեցին յաւերժի ու անմահութեան ճամբան: Անոնք որոշած էին քանդել հայ ժողովուրդի անժամանցելի իրաւունքներուն շուրջ քաշուած միջազգային լռութեան պատը եւ իրենց գրկած ռումբով գոռալ անբարոյ քաղաքական աշխարհի երեսին:
Լիզպոնի գործողութիւնը մէկ օղակն էր 19-րդ դարուն սկիզբ առած ազգային ազատագրական պայքարին, Վիտոշի բազէի՝ Քրիստափորի, Պանք Օթոմանի հերոսներու ու միւս նուիրեալներու օրինակներուն հետեւող խիզախ քայլ:
Գործողութենէն առաջ իրենց արտասանած խօսքերը կը վկայեն այն մասին, որ իրենք հետեւորդներն են ազգային ազատագրական պայքարի տարբեր փուլերուն պայքարած հերոսներուն:
Քաղաքականացումով ու յեղափոխականացումով սկիզբ առած ու ցեղասպանութեան արդարութեան մարտիկներուն ապա Հայ Յեղափոխական բանակի նուիրեալ հայ երիտասարդութեան ուժական պայքարի պսակադրումն էր Լիզպոնի ողջակիզումը: Արայի, Սեդրակի, Սիմոնի, Վաչէի ու Սագոյի զոհաբերումը ազատութեան բագինին՝ յեղափոխականանալու կոչ էր նաեւ հայ երիտասարդութեան:
Դատապարտելով հայ երիտասարդի կրաւորականութիւնն ու քաղքենիութիւնը, անոնք կոչ կ’ուղղէին անհաշտ պայքարի, յանուն հայ ժողովուրդի ազատ պետականութեան: Լիզպոնի ողջակիզման կոչն ու կտակը իր արձագանգը գտաւ նաեւ Արցախի գոյապայքարին նուիրուած հայ ազատամարտիկին մօտ: Կարօտ Մկրտիչեանն ու իր զինակիցները Արցախի լեռներուն ու ձորերուն մէջ կը հնչեցնէին Լիզպոնի անմահացած նահատակներուն նուիրուած երգը, այդպիսով կը հաստատէին, որ հայ ազգային ազատագրական պայքարը յարատեւ կռիւ է յանուն ազգի ու հայրենիքի:
Լիզպոնի հերոսներուն կտակը նոյնքան ու աւելի այժմէական է նաեւ այսօր, երբ ազգն ու հայրենիքը վտանգի մէջ են, Լիզպոնի հինգ հերոսները արթուն, խիզախ ու մարտունակ ըլլալու նոյն կոչը կ’ուղղեն հայ երիտասարդութեան: Հայրենիք չտեսած, բայց հայրենիքով ու հայրենիքին համար ապրած ու պայքարած Լիզպոնի ողջակիզման հերոսներու կտակն էր հայ երիտասարդութեան՝ թօթափել անտարբերութիւնը, կրաւորականութիւնն ու քաղքենիութիւնը եւ նուիրուիլ ազգին ու հայրենիքին տէր կանգնելու նուիրական պայքարին:
ՀՅԴ Բիւրօ
27 Յուլիս 2022