26 Յուլիսին, Հայաստանի մէջ Արժանթինի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մարիանօ Վերկարան եւ իր խումբը դեսպանատան մէջ հիւրընկալած են Արժանթինի եւ Հայաստանի միջեւ խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի նախագահ Իշխան Սաղաթէլեանը: Պատգամաւորը իր շնորհաւորանքները յայտնած է Արժանթինի Անկախութեան տօնին առիթով, ինչպէս նաեւ վերահաստատած միջխորհրդարանական կապերու աշխուժացման համար նոր օրակարգ մշակելու պատրաստակամութիւնը։ Զրուցակիցները կարեւոր համարած են Արժանթինի մէջ հայկական Սփիւռքի նշանակալի դերը՝ վերահաստատելով երկկողմ գործակցութեան աշխուժացման համար Սփիւռքի մեծ ներուժի օգտագործման կարեւորութիւնը: Կողմերը նաեւ քննարկած են երկու երկիրներու մէջ առկայ հարցերն ու տարածաշրջանային ու միջազգային քաղաքական գործընթացները։ Սաղաթէլեան իր դիրքորոշումը ներկայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի մարտահրաւէրներուն եւ լուծման մասին։
Դեսպան Վերկարան, իր կարգին, ներկայացուցած է Մալվինեան կըղզիներու նկատմամբ Արժանթինի ինքնիշխան պահանջներու մասին երկրի հիմնական մօտեցումները։ Դեսպան Վերկարան Իշխան Սաղաթէլեանը հրաւիրած է միանալու Մալվինեան կղզիներու հարցով համերաշխութեան ազգային խումբին։