«Արմէնփրէս» կը հաղորդէ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան 27 Յուլիսին ընդունած է ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Ապտուլլա Շահէտը եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Ողջունելով հիւրերը, նախագահ Խաչատուրեան բարձր գնահատած է Ապտուլլա Շահէտի արդիւնաւէտ առաջնորդութիւնը ՄԱԿ-ի 76-րդ նստաշրջանին ընթացքին:
Նախագահ Վահագն Խաչատուրեան եւ Ապտուլլա Շահէտ անդրադարձած են տարածաշրջանի անվտանգութեան ու կայունութեան առնչուող հարցերուն: Նախագահը արծարծած է մինչ օրս Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներուն եւ պահուող անձանց անյապաղ հայրենադարձութեան առնչուող հարցեր: ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարը ողջունած է խաղաղութեան հաստատման ուղղուած Հայաստանի ջանքերը, յայտնած, որ երկարատեւ ու կայուն խաղաղութեան հաստատումը լայն կարելիութիւններ կը ստեղծէ տարածաշրջանի բոլոր երկիրներուն համար: