ԱՄՆ պետական բաժինի խօսնակ Նետ Պրայս ճեպազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ ԱՄՆ պետական քարտուղարը, ինչպէս նաեւ ամերիկացի այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ բոլոր մակարդակներու վրայ կը շարունակեն աշխատանքը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ, շարունակելով առաջարկել ամերիկեան կողմին աջակցութիւնը՝ յանուն երկարաժամկէտ ու համապարփակ խաղաղութեան:
Լրագրողը անոր յիշեցուցած է, որ պետական քարտուղար Պլինքըն օրերս հեռաձայնային զրոյցներ ունեցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին հետ՝ վերահաստատելով կողմերու միջեւ առկայ գործընթացին աջակցելու պատրաստակամութիւնը: Ան հարց տուած է, թէ արդեօ՞ք ատիկա կը նշանակէ, որ ԱՄՆ պետական քարտուղարութեան կողմէն կատարուած նախկին նման առաջարկները մերժուած էին, որուն ի պատասխան Պրայս պատասխանած է. «Ո՛չ, այդպէս չէ: Ատիկա կը նշանակէ, որ մենք կրցած ենք հասնիլ որոշակի յառաջընթացի, եւ մեր հայ ու ատրպէյճանցի գործընկերներուն հետ շարունակական շփումներու ու դիւանագիտական բանակցութիւններու միջոցով, կը կարծենք, որ կրնանք շարունակել այս ընթացքը: Պետական քարտուղարը տարբեր հեռաձայնային զրոյցներ ունեցած է Հայաստանի ու Ատրպէյճանի ղեկավարութիւններուն հետ, սակայն այս կառոյցին մէջ կան մեծ թիւով մարդիկ՝ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, որոնք իրենց գործընկերներուն հետ տարբեր մակարդակներու վրայ շփումներու մէջ եղած են՝ շարունակելու գործընթացն ու վերահաստատելու մեր օգնութեան առաջարկը, որովհետեւ մենք կը փափաքինք երկարաժամկէտ, համապարփակ խաղաղութիւն»:
Լրագրողի այն դիտարկումին, որ պետական բաժինը իր յայտարարութիւններուն մէջ շարունակաբար կը յիշատակէ հարցի կարգաւորման գործընթացին մէջ միջնորդ մարմինին՝ Մինսքի խումբի համանախագահութեան ձեւաչափը, մինչդեռ Ատրպէյճանի նախագահը ամէն օր կը վատաբանէ զայն, Պրայս պատասխանած է. «Մենք մեր յայտարարութիւններուն մէջ յստակօրէն ըսած ենք, որ ԱՄՆ պատրաստ է աջակցելու այս երկու երկիրներուն ու համախոհ գործընկերներուն որեւէ տարբերակով կամ ձեւաչափով, որ արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ: Մենք 1994 թուականէն Մինսքի խումբի համանախագահ ենք, բայց ինչպէս արդէն ցոյց տուած ենք, մենք նաեւ կը փափաքինք նշեալ երկիրներուն հետ երկկողմ ձեւաչափով աշխատիլ՝ օգնելու Հայաստանին ու Ատրպէյճանին, որպէսզի անոնք գտնեն երկարաժամկէտ ու համապարփակ խաղաղութիւն»: