Խելացի էր ան։ Շուտ ըմբռնող ու ճարպիկ։ Ուսուցիչներու օրինակներուն մէջ՝ մի՛շտ ներկայ, սակայն բարձունքէն դիտող, հեգնող եւ  արհամարհող էր «ներքեւ»-ի խաւը։

Վարպետ էր ան։ Բազմաշնորհ ու բազմատաղանդ: Գանգատն  ու դժգոհանքը անպակաս էին իր առօրեայէն, իսկ «ես»-ը՝ մի՛շտ ներկայ։
Ատակ էր ան։ Իր սրամտութեամբ եւ հնարամտութեամբ ամէն գործ լիովին կատարող, սակայն անատակ՝ ընկերային կեանք եւ յարաբերութիւն մշակելու։
«Հաջող» էր ան։
Կիթառ Աւընեան