“Երկիր Մետիա”._ԱՀ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ 3 Օգոստոսին՝ Երեւանի ժամով ժամը 09։00-էն սկսեալ, ատրպէյճանական ստորաբաժանումները կոպտօրէն խախտած են հրադադարը՝ Պաշտպանութեան Բանակի դիրքերու ուղղութեամբ կիրառելով նռնականէտեր եւ ԱԹՍ-ներ, որուն հետեւանքով վիրաւորում ստացած է 7 զինուորական ծառայող, որմէ 6-ի կեանքին վտանգ չի սպառնար, միւս վիրաւորին վիճակը կը գնահատուի ծանր:
 
Արցախի Հանրապետութեան մէջ խաղաղապահ առաքելութիւն իրականացնող Ռուսական զօրախումբին հետ միջոցներ կը ձեռնարկուին իրադրութիւնը կայունացնելու համար։