ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի (CCAF) նախագահ Մուրատ Փափազեան ֆէյսպուքեան իր էջին անդրադարձած է Արցախի մէջ յառաջացած լարուածութեան, ատդպէյճանական սադրանքներուն՝ կոչով դիմելով միջազգային հանրութեան ու Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին։
 
«Հայ բնակչութիւնը վտանգի մէջ է։ Կոչ կ՚ուղղենք միջազգային հանրութեան պատժելու բոլոր համաձայնութիւնները խախտած Ատրպէյճանը։ Էմանուէլ Մաքրո՛ն, Ֆրանսան ի՞նչ կ՚ընէ», մասնաւորաբար գրած է սփիւռքահայ գործիչը։