Երկուշաբթի, 8 Օգոստոս 2022-ի երեկոյեան ժամը 7։30-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ գերշ. Տ. Մասիս Ս. Եպս. Զօպուեան այցելեց ՀՄԸՄ-ի  Հալէպի մասնաճիւղի սկաուտներուն։
 Սրբազան Հօր ընկերակցեցան Հոգշ. Հայր Մանուկ Աբղ. Պարիխանեան եւ Քեսապի ու շրջակայից հոգեւոր տեսուչ Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Աբղ. Քիւրիւմեան։
Սրբազան Հայրը ջերմ ընդունելութիւն գտաւ սկաուտներուն կողմէ, որոնք փողերախումբի ընկերակցութեամբ «պատուի առ»-ով դիմաւորեցին զինք։
Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Աբղ. Քիւրիւմեան բարի գալուստ մաղթեց սկաուտներուն, ապա հրաւիրեց Սրբազան Հայրը, որպէսզի  իր սրտի խօսքը եւ իր օրհնութիւնը ուղղէ բանակող քոյր-եղբայրներուն։
Սրբազան Հայրը ըսաւ, թէ որքան գեղեցիկ է բնութեան գիրկին մէջ եղբայրական եւ ընկերային պահեր ապրիլը։ Ան նկատել տուաւ, որ բանակումը առիթ կ’ընծայէ անհատին հաւաքական կեանք ապրելու եւ միեւնոյն ժամանակ անիկա լաւագոյն միջոցն է ապագայ ղեկավարներ պատրաստելու համար։ Սրբազանը դիտել տուաւ, որ ինք հպարտ կը զգայ երբ  ՀՄԸՄ-ականներ միակամ կը տեսնէ, որովհետեւ Սփիւռքի ուժը կը կայանայ իր միութեան մէջ։
Աւարտին Սրբազան Հայրը ներկայ գտնուեցաւ դրօշակի արարողութեան։ Ապա ան բարի կեցութիւն մաղթեց սկաուտներուն եւ օրհնեց բանակավայրն ու բոլոր բանակողները։