Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող իրավիճակին հարցով սերտ կապի մէջ է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի իր գործընկերներուն հետ։
 
ԹԱՍՍ գործակալութեան փոխանցումով, Ռուսիա իր խիստ անհանգստութիւնը յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ լարուածութեան աճին գծով։
 
Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հարցերու կարգաւորումը պէտք է ընթանայ բացառապէս քաղաքական եւ դիւանագիտական ճամբով։