«Մենք հայ ենք եւ պէտք է հայերէն խօսինք»:
Կ’ուզեմ գրութիւնս սկսիլ յաճախ կրկնուող այս խօսքով:
Այո՛, բոլորս ալ հայ ենք, շառաւիղներն ենք Ցեղասպանութենէն ճողոպրած մեր պապերուն եւ դժբախտաբար բոլորս չենք ապրիր Հայաստանի մէջ:
Արեւմտեան ափեր գաղթած հայերու զաւակները սկսած են մոռնալ արեւմտահայերէնը: Կը շեշտեմ յատկապէս արեւմտահայերէնը, որովհետեւ զայն օգտագործողներուն թիւը սկսած է նուազիլ, ուստի արեւմտահայերէնի գոյութիւնը վտանգուած է:
Կը հասկնամ, որ երբեմն իմ հասակակիցները կը ստիպուին իրենց ապրած երկրին լեզուով խօսիլ, բնական է, օտարութեան մէջ կ’ապրին եւ իբրեւ որեւէ երկրի քաղաքացի, պէտք է այնտեղ օգտագործուող լեզուին լաւապէս տիրապետեն, բայց ասիկա չի նշանակեր, որ անոնք իրենց տան մէջ հայերէն չխօսին, հայերէն չկարդան: Վերջապէս հայ ընտանիք մը իր ինքնութիւնը պահելու համար պէտք է լաւ իմանայ հայերէնը, գործածէ զայն եւ փոխանցէ իր շառաւիղներուն: Արտերկրի մէջ ապրիլ չի նշանակեր օտարանալ:
Սփիւռքացած հայը եթէ հայասէր, ազգասէր եւ եկեղեցասէր ըլլայ, կարելիութիւն կ’ունենայ համակերպելու օտարին հետ, միեւնոյն ատեն հայկական արժէքները եւ մշակոյթը պահպանելու: Սակայն եթէ անոր մէջ հայու ոգին արթուն չէ, կամ ան իր արմատներուն ծանօթ չէ, դիւրաւ կրնայ մոռնալ ամէն բան, որոնց կարգին է նաեւ իր մայրենի լեզուն՝ արեւմտահայերէնը:
Ես ալ կ’ապրիմ Հայաստանէն դուրս: Սուրիոյ քաղաքացի եմ, սակայն հոս՝ Հալէպի մէջ, մենք նոյնիսկ ռումբերուն տակ յաճախեցինք հայկական դպրոց, սորվեցանք հայ գրականութիւն ու քերականութիւն: Միւս կողմէ հայկական մշակութային միութիւնները մեզի սորվեցուցին պահել հայկական մշակոյթն ու հայկական աւանդոյթները, իսկ եկեղեցին հաւատքի ամուր կապով միացուց մեզ իր յարկին տակ:
Եթէ միասնաբար փոքր ճիգ մը թափենք, կրնանք քայլ մը առաջ երթալ: Արեւմտեան ափեր ապրող ընկերնե՛ր, Սփիւռքի մէջ մեր լեզուն կրցած ենք պահել աւելի քան մէկ դար: Ջանանք պահել հայերէնը՝ հայանպաստ ծրագիրներուն մաս կազմելով եւ կարեւորութիւն տալով հայ լեզուին, որպէսզի ծանօթանանք մեր գրականութեան եւ մեր ազգի ստեղծագործական տաղանդին:
Անուշ է մեր լեզուն, ինչպէս երգը կ’ըսէ.
«Հայորդիք որ կ’ապրիք դուք հեռուն,
Մի՛ մոռնաք մեր անուշ մայր լեզուն,
Պատմեցէ՛ք ձեր զաւակներուն,
Որ գիտնան արժէքը հայերուն»:
Աննա Պետրոսեան