Շաբաթ, 6 Օգոստոս 2022-ին, Հալէպի «Համտանիէ» թաղամասին մէջ «Արման» զբօսաշրջային ընկերութիւնը բացումը կատարեց «Արման» 5 աստղանի պանդոկին, ներկայութեամբ տնտեսական, արդիւնաբերական եւ զբօսաշրջային հատուածներու ներկայացուցիչներու, սուրիացի հանրածանօթ դերասաններու եւ երգիչներու։
Ի՞նչ նշանակութիւն ունի «Արման» անունը։
Պատմութեան էջերուն մէջ կը կարդանք, որ Հալէպ քաղաքին անուններէն էին «Արման», «Արմանոմ», «Խուլամ» եւ «Բերիա», իսկ Իսլամական «Ֆութուհաթ»ներէն ետք քաղաքը կոչուեցաւ Հալէպ։
Նախքան քաղաքին վերջնական անուանումը, Աղեքսանտր Մակեդոնացին, տարածաշրջանը գրաւելէ ետք, քաղաքը «Բերիա» անուանեց, ետքը Սալուքաս Նիքաթորը գրաւեց եւ զայն «Արման» կամ «Արմանոմ» անուանեց։
Ն. Ք. 2250 թուականին, Էպլայի թագաւորութեան դիւանին համաձայն, քաղաքը կոչուած էր «Խուլամ»։
«Մարիի», «Ալալախի» եւ «Հոչա» թագաւորութեանց դիւանին համաձայն, քաղաքը Հալէպ կոչուեցաւ երբ «Եամհատ» թագաւորութեան մայրաքաղաքը դարձաւ։