Հովանաւորութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբազան Եպս. Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան, Կիրակի, 14 Օգոստոս 2022-ին, Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնին առիթով, յետ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին սկաուտական աւանդական տողանցք տեղի ունեցաւ Քեսապի մէջ, մասնակցութեամբ՝ Հալէպի, Լաթաքիոյ եւ Քեսապի մասնաճիւղերու փողերախումբերուն եւ սկաուտական կազմերուն։