“Երկիր”._11 Օգոստոս 2022-ին Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հեռաձայնային զրոյցի ընթացքին ըսած է, որ երկիրը պիտի չընդունի որեւէ փոփոխութիւն տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքականութեան մէջ։
Իրանի եւ Հայաստանի ղեկավարները հեռաձայնային զրոյցով քննարկած են երկկողմ եւ տարածաշրջանային հարցեր։ Զրոյցը տեղի ունեցած է Լեռնային Ղարաբաղի նոր մարտերէն քանի մը օր անց, գրած է իրանական գործակալութիւնը:
 
Իրանի նախագահը անդրադարձած է 2020 թուականին Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու կողմէն ստորագրուած հրադադարի մասին եռակողմ համաձայնագիրին, որ վերջ դրաւ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ 44-օրեայ պատերազմին։
 
Ան ըսած է, որ հրադադարի համաձայնագիրին հաւատարիմ ըլլալը եւ մնացած հարցերու լուծումը երկխօսութեան եւ դիւանագիտական ուղիներով լաւագոյն միջոցն է կովկասեան տարածաշրջանի մէջ անվտանգութիւնն ու խաղաղութիւնը վերականգնելու համար։
 
Փաշինեան իր կողմէն ըսած է, որ Հայաստանը պատրաստ է մեծցնել գործակցութիւնը Իրանի հետ ճանապարհային եւ ուժանիւթի ոլորտներու մէջ, ինչպէս նաեւ դիւրացնել ապրանքներու տարանցումը երկու կողմերու միջեւ։