Երբ կը խօսինք ՍՓԻՒՌՔի եւ անոր դիմագրաւած՝ բազմերես մարտահրաւէրներուն մասին, առհասարակ ի մտի կ’ունենանք մեր ապրած ժամանակաշրջանը, օրինակ՝ տուեալ 10-20 տարիները, մեր դիմաց բարձրացող նորագոյն դժուարութիւնները եւ կը փորձենք այդ՝ այլապէս նեղ սահմաններուն մէջ կատարել քննարկում, վերլուծումներ, ախտաճանաչում եւ հարցերու լուծման որոնում: Սա բնական է, որովհետեւ ի վերջոյ, նոյն այդ ժամանակաշրջանին գոյառած հարցերն են որ կը տագնապեցնեն մեզ, զանոնք կը զգանք մեր մորթին վրայ, կը ստեղծեն հարցեր ու կը մղեն որոնումի: Նոյնքան բանական է, որ նախընթաց տագնապ մը նսեմանայ, մինչեւ իսկ մասամբ մոռցուի, երբ աւելի մեծ ու սուր տագնապ մը կ’այրէ մեզ:
Եթէ խօսինք օրինակով մը, մեր հայեցակէտը աւելի լաւ բացատրած կ’ըլլանք: Վերջին տասնամեակին, Սփիւռքը արդարօրէն տագնապի մատնուեցաւ, երբ ահազանգեր հնչեցին, հայկական թէ միջազգային շրջանակներէ, թէ՝ Արեւմտահայերէնը ինկած է վտանգուած լեզուներու ցանկին մէջ: Սա ըստ էութեան ՍՓԻՒՌՔԵԱՆ ՀԱՐՑ էր,- եւ է, – որովհետեւ հայաստանաբնակ կամ Հայաստանէն տարածուած՝ այսպէս կոչուած՝ «նոր սփիւռք»ին համար (այն օճախներուն, որոնք կը տարածուին նախկին խորհրդային երկիրներու, Արեւելեան Եւրոպայի եւ նոր աշխարհներուն մէջ), Արեւմտահայերէնի պահպանումը, գոյատեւումը նոյնքան տագնապեցնող հարց չէ, որքան «աւանդական» Սփիւռքի զաւակներուն համար: Չենք մոռնար, որ Սփիւռքի մէջ այսօր նկատառելի թիւ են այն հայորդիները, որոնք խորհրդային վերջին ու հետեւած տասնամեակներուն արտագաղթեցին Հայաստանէն, այս կամ այն գաղութին մէջ ստեղծած են իրենց «ենթագաղութները», ունին իրենց «ներքին» տագնապներն ու մտահոգութիւնները, որոնց անպայման ու լիովին բաժնեկից չեն տուեալ գաղութի այլ ենթաբաժանումները: Անշուշտ նոյն գաղութներուն մէջ կան այլ «ենթագաղութներ»՝ Պոլիսէն, Միջին Արեւելքէն, Պարսկաստանէն արտագաղթածներ:
Աւելորդ կը նկատենք լուսաբանութիւն տալ, թէ ինչո՛ւ այդպէս է: Արեւմտահայերէնի վտանգուած ըլլալը տագնապեցնող հարցի վերածուեցաւ յատկապէս Միջին Արեւելքի եւ անկէ ճառագայթած՝ աւանդական գաղութներուն մէջ, նո՛յնքան հասկնալի պատճառներով: Ազդակներէն մէկը (ո՛չ՝ միակը) եղաւ ՄԱԿին կողմէ մեր լեզուին գլխուն կախուած վտանգին յայտատարումը: Իբրեւ հակազդեցութեան եւ յաւելեալ նահանջէ խուսափելու կանխամիջոց՝ կազմուեցան մարմիններ, կազմակերպուեցան համագումարներ (մաս մը… օտար լեզուներով), հռչակուեցան «Հայ Լեզուի տարի» եւ այլ յիշատակելի առիթներ, որդեգրուեցան բազում այլ միջոցառումներ, սակայն դարմանը մնաց վազողէն մի՛շտ հեռու մնացող՝ հորիզոնի գիծին պէս…:
Նպատակ չունինք նման՝ այլապէս ողջունելի եւ օգտակար նախաձեռնութիւններու տարածքը կամ ձեռք բերուած (կամ չբերուած) արդիւնքները քննարկման դնելու: Այս օրինակը բերինք, մատնացոյց ընելու՝ որ այս տագնապն ու անկէ բխած մարտահրաւէրները համեմատաբար նոր, սահմանափակ ժամանակաշրջանի մը մէջ կ’իյնան, այսինքն՝ վերջին տասը կամ քիչ մը աւելի տարիներու շրջագիծին մէջ, մինչդեռ, նախորդ տասնամեակներուն, ահազանգը նոյն հնչեղութիւնը չունէր, կամ՝ ունէր քիչ մը տարբեր շարժառիթներ: Այլ խօսքով, նախընթաց ժամանակաշրջանին ալ, հայ կեանքը եւ մասնաւորաբար Սփիւռքը մեր լեզուի,- եւ յարակից,- կալուածներուն մէջ արձանագրուած դանդաղ նահանջներուն, տեղատուութեան իրազեկ էր. տագնապը կար տասնամեակներէ ի վեր, արտայայտութիւն կը գտնէր մէկէ աւելի գետիններու վրայ, սակայն ընդհանուր պատկերը, կանխարգելիչ քայլերն ու անոնց արդիւնքները քիչ թէ շատ գոհացուցիչ կը սեպուէին:
Լեզուին՝ Արեւմտահայերէնին գլխուն կախուած վտանգը մէկն է բազում մարտահրաւէրներէն: Անցնինք միայնակ օրինակէն անդին եւ հարցը դնենք քիչ մը աւելի՛ տարածուն դաշտի մէջ: Սկսինք այն հարցումով, թէ ի՞նչ կը հասկնանք, ի՞նչ պէտք է հասկնանք ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՍՓԻՒՌՔ ըսելով, ինչպիսի՞ հարցեր կախուած են անոր գլխավերեւը, ի՞նչ ըրած ենք, պէտք է ընենք, եւ ինչպիսի՞ նոր ու շատ աւելի տարածուն հայեացքով դիմագրաւենք ներկան ու ապագան:
ՍՓԻՒՌՔ. ԱՆՑԵԱԼ ԵՒ ՆԵՐԿԱՅ
ՍՓԻՒՌՔին ամէնէն պարզ սահմանումը հետեւեալն է. ամբողջութիւնը հայկական այն օճախներուն, որոնք գոյութիւն առած են մեր պատմական հայրենիքէն՝ Հայաստանի սահմաններէն դուրս, իսկ «օճախ»ով՝ ի մտի ունինք այն քաղաքներն ու երկիրները, ուր որոշ թիւով հայեր բնակութիւն հաստատած են եւ ստեղծած՝ թոյլ կամ ամուր հաւաքական կեանք, գաղութի զաւակներուն միջեւ կան ներքին, տեղական կամուրջներ (դպրոց, եկեղեցի, միութիւններ, մամուլ-հրատարակութիւններ եւ այլն): Այլ խօսքով, եւ դասական ըմբռնումով, սփիւռք հասկացութենէն ձեւով մը դուրս մնացած են այն շրջանները, ուր թէեւ որոշ թիւով հայեր կրնան բնակութիւն հաստատած ըլլալ, սակայն այդ շրջաններու բնակիչներուն միջեւ,- նաեւ հայրենիքին ու այլ համախումբ գաղութներու հետ,- չեն ստեղծուած կապ, հաղորդակցութիւն: Հոն, հայ ընտանիքներ ապրած են ու այսօր ալ կ’ապրին ընդհանրապէս առանձնացած, մեկուսացած, ձեւով մը ինքնակղզիացումի վիճակի մէջ (կամովի թէ պայմաններու հարկադրանքին տակ):
Այստեղ արձանագրենք նաեւ, քանի մը տողով, պանդուխտ եւ արտագաղթ հասկացութեանց տարբերութիւնը: Պանդուխտը ան է, որ այս կամ այն հարկադրանքին տակ պահ մը կը հեռանայ հայրենի տունէն ու հողէն, կ’երթայ ապրուստ փնտռելու այլ երկինքներու տակ, սակայն աչքը կը մնայ ետին. որոշ ատեն ետք, ան կը դառնայ տուն եւ կը դադրի պանդուխտ ըլլալէ: Գաղթողը ան է, որ սեփական գիւղին-քաղաքին մէջ ապրուստի եւ այլ կարելիութիւններու տագնապ զգալով, կ’որոշէ վերջնականապէս հեռանալ, առանց վերադառնալու մտադրութեան, հաստատուիլ այլ երկինքի տակ:
Հազուադէպ չէ, որ պանդուխտը, դարձեալ նորաստեղծ պայմաններու բերումով, չկարենայ իրականացնել տունդարձի փափաքը եւ դառնայ գաղթական, նոյնը՝ նաեւ գաղթականին պարագային. Ան ալ կրնայ, որոշ պայմաններու կուտակումով, հրաժարիլ գաղթականի վիճակէն եւ վերադառնալ երկիր, հայրենիք: Մեր անցեալի ու ժամանակակից պատմութիւնը լայնատարած ցուցահանդէս են երկու պարագաներուն ալ: Սակայն մէկ բան յստակ է. գաղութները կը կազմուին եւ իրենց կեանքը կ’ապրին ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ միջոցով, նոր երկրին մէջ կազմակերպ ու կայուն հաւաքական կեանք ստեղծելու անոնց ձգտումով (այս ալ կը բացատրուի, ձեւով մը, հայրենիքը նոր վայրին մէջ վերապրելու ցանկութեամբ: Լսած ենք, չէ՞, որ հայերը հոս-հոն «Նոր Հայաստաններ» կազմաւորած են, այդ գաղութներուն մէջ թաղեր, թաղամասեր կամ առեւտրական հաստատութիւններ, ճաշարաններ կոչած են Հայաստանէն «ներածուած» անուններով):
Այսօրուան հասկացութեամբ, Սփիւռքը այն գաղթօճախներն են, որոնք ստեղծուած են հայրենամերձ կամ հեռակայ երկիրներու, ցամաքամասերու մէջ, առաւելաբար վերջին 100 տարիներուն, այսինքն՝ իբրեւ հետեւանք Ցեղասպանութեան ու հայրենի հող կորսնցուցած հայուն՝ աշխարհով մէկ ցրիւ գալուն: Այդ գաղթօճախներուն մէջ հայ կեանքը, որոշ սերունդի մը ճիգերով, ապա նաեւ  կեանքի բնական հարկադրանքներուն իբրեւ արդիւնք, գոյացած է որոշ կազմակերպուածութիւն՝ իր տարբեր բաղադրիչներով:
Ներկայի բազմերես տագնապներուն պարտադրանքով, ընդհանրապէս լուսանցքայնացուած է այն իրականութիւնը, թէ հայկական Սփիւռքը միայն 100 կամ քանի մը տասնամեակ աւելի տարիներու կեանք չունի: Ինչպէս ոեւէ ժողովուրդի, մեր պարագային ալ, Սփիւռքը հեռաւոր անցեալէն սկսեալ գոյութիւն ունեցած է դարեր շարունակ, տարբեր ցամաքամասերու մէջ:
Առանց մտնելու Սփիւռքի պատմութեան հոլովոյթին մէջ, բաւականանանք այստեղ արձանագրելով քանի մը օրինակ. սփիւռքեան գաղութներ (ո՛չ անպայման այսօրուան ըմբռնումով) կազմաւորուած են Պատմական Հայաստանի մեր հողին վրայ անկախ պետականութեան կորուստ(ներ)էն ետք, Միջին Արեւելքի (Սուրիա, Լիբանան, Պարսկաստան, Եգիպտոս…), Եւրոպայի (Իտալիա, Լեհաստան, Պուլկարիա, Ռուսիա…), Ծայրագոյն Արեւելքի (Հնդկաստան եւ դրացի երկիրներ…) մէջ: Համեմատաբար աւելի կարճ կեանք ունին ամերիկեան ցամաքամասին (անոր հիւսիսային եւ հարաւային կիսագունդերու բաժիններով) մէջ կազմաւորուած հայկական օճախները:
Սա եւս բնական է, որովհետեւ ամերիկեան ցամաքամասը աւելի «երիտասարդ» աշխարհ է, հայ գաղթականին (անհատներու պարագան տարբեր է) աչքը դէպի հոն սեւեռած է սկսելով այն օրերէն՝ երբ Օսմանեան կայսրութեան մէջ սաստկացող հալածանքները նա՛եւ հայուն մէջ ստեղծեցին նոր եւ ազատ աշխարհներու որոնումը, հայը տարին եւրոպական գաղթօճախներէն անդին:
Նոյնը՝ շատ աւելի արեւելք ինկող՝ Ովկիանոյ (Աւստրալիա, Նոր Զելանտա…) համար: Անշուշտ անտեսելի չէ միւս իրականութիւնը. Անկախ երկրի ապահովութեան եւ յարակից պայմաններերէն, հայեր արտագաղթած են նաեւ տնտեսական մղումներով: Բազմաթիւ գաղթօճախներու մէջ հայութեան կազմակերպ ներկայութիւնը (ապա նաեւ գաղութին կազմալուծումը) հետեւած է առեւտրականներու գործառնութեանց: Ամէնէն պերճախօս մէկ օրինակը Հնդկաստանի գաղութին պատմութիւնն է:
Վերադառնանք մեզի մօտիկ ժամանակաշրջան: Ցեղասպանութենէն ետք, հայրենի հողերուն մերձակայ՝ նախկին համեմատաբար նօսր գաղթօճախները արագ աճ արձանագրեցին: Այս երեսը աւելի թարմ յիշատակներով տեղ ունի մեր հաւաքական իմացութեան եւ մտածողութեան մէջ:
Կարկինը այսքան լայն բացինք, ըսելու՝ որ այսօրուան Սփիւռքին հարցերն ու տագնապները քննարկելու եւ մարտահրաւէրներուն դարման գտնելու մեր ճիգին մէջ, չենք կրնար մոռնալ վիթխարի պատմութիւն մը, որ կը կոչուի ՍՓԻՒՌՔԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ: Նման մօտեցում լոկ պատմագիտական դիտանկիւնի համար չէ, այլ մեզ կը դնէ տարբեր գաղութներու կազմաւորման, ապա նաեւ լուծման, անէացման պատճառներուն ուսումնասիրութեան հարկադրանքին տակ, որպէսզի մեր հաւաքական կեանքէն՝ մօտիկ թէ հեռաւոր անցեալի կեանքէն քաղուած փորձառութիւնները օգտագործուին՝ այսօրն ու վաղը աւելի՛ լաւ ճանչնալու, հասարակաց տուեալներէն գործնական դասեր քաղելու եւ սխալները չկրկնելու տրամաբանութեամբ: Սա կ’ենթադրէ գիտական լուրջ մօտեցում, վիթխարի եւ կազմակերպ աշխատանք, թերեւս այնպիսի տարողութեամբ, որ կը պահանջէ պետական մտածողութիւն, աշխարհահայեացք եւ… միջոցներ: Անշուշտ որ կատարուած են որոշ ուսումնասիրութիւններ, սակայն ընդհանուր պատկերը կը մնայ կիսկատար:
Մեկնելով անցեալի բնական փորձերէն, սակայն չմնալով անոնց «պատանդը», հասնինք ներկայ օրերուն: Այսօր, Սփիւռք ըսելով, կը հասկնանք այն օճախները, որոնք ապրող միաւորներ են, այսինքն՝ չեն անցած Լեհաստանի, Հնդկաստանի կամ երբեմնի նմանօրինակ պատմական գաղութներու ցանկին: Այսօրուան Սփիւռքը ունի ներքին ծալքեր, ստորաբաժանումներ, ստեղծած է ու կ’արարէ ի՛ր պատմութիւնը: Այսօր ու վաղն ալ կը ստեղծուին, կրնան հետեւիլ պայմաններ, որոնք Լեհաստանի, Հնդկաստանի եւ այլ լուծարուած գաղթօճախներու ճակատագիրին մատնեն մեր օրերուն իբրեւ կենսունակ ընդունուած գաղութները: (Իսկ թէ պէտք է հասկնալ «կենսունակ» հասկացութեամբ, արդէն մեղուի փեթակը խառնելու հանգամանգ կրնայ ստանալ…)
Թուարկումի կարգով, նշենք մէկ քանին: Ունինք միջին արեւելեան օճախները (որոնցմէ պաղեստինեանն ու յորդանանեանը, եգիպտականին նման, բաւական նօսրացած են, իսկ Սուրիան ու Լիբանանը, Իրաքի պէս, վերջին տասնամեակներուն հարկադրաբար կը հետեւին նախորդներուն ճամբուն: Պատճառներն ու ազդակները ծանօթ են), ուր զգալի տեղաշարժեր արձանագրուած են վերջին 50 տարիներուն: Աւանդական օճախներուն զուգահեռ, յաճախ նա՛եւ ի հեճուկս անոնց, կազմաւորուած են Ծոցի արաբական երկիրներու գաղութները: Թուրքիոյ գաղութը այլապէս իւրայատուկ պարագայ է, կերտած է իր առանձնակի պատմութիւնը, մանաւանդ Պոլիսը, գիտենք, ինչպիսի՛ դեր ունեցած է մեր մշակոյթի արարման մէջ  (երբեմն կը թողունք լուսանցքի մէջ):
Եւրոպան ունի գոնէ երկու մեծ հատուած. արեւելեան եւրոպական երկիրներու գաղութները (Պուլկարիա, Ռումանիա…, առանց մոռնալու Ռուսիան) եւ արեւմտեան երկիրներու օճախները (Իտալիա, Ֆրանսա, Անգլիա, Սպանիա…): Թէեւ ափրիկեան (Միջին Արեւելք հասկացութենէն անդին տարածուող) երկիրներու մէջ ալ հայեր բնակութիւն հաստատած են տասնամեակներէ ի վեր, սակայն անոնք լայնօրէն չեն մտած Սփիւռքի աշխարհագրական քարտէսին մէջ (մասնակի բացառութիւն է Եթովպիան), այնպէս՝ ինչպէս որ է պարագան յիշեալ եւ հարաւ-ամերիկեան երկիրներու հայութեան (Արժանթին, Պրազիլ, Վենեզուելլա, Ուրուկուէյ…): Անդրադարձա՞ծ ենք արդեօք, որ նոր գաղութներ սկսած են կազմաւորուիլ (կարելի է ըսել նաեւ՝ վերակազմաւորուիլ) հեռաւոր արեւելքի մէջ, սկսելով Չինաստանէն ու հասնելով Նոր Զելանտա եւ այլուր… (Ճաբոնի մէջ իսկ անցեալին ունեցած ենք փոքր գաղութ մը. Հայաստանի առաջին հանրապետութիւնը հոն ունեցած է դեսպան…):
Հայկական Սփիւռք հասկացութիւնը,- եւ համապատասխան քարտէսը,- անվիճելիօրէն կ’ընդգրկէ նախկին խորհրդային երկիրները, որոնք անկախ միաւորներ են աւելի քան 30 տարիէ ի վեր, նման մեր հայրենիքին՝ Հայաստանի: Վրաստանի, Ռուսիոյ, Ուքրանիոյ, Պելոռուսիոյ, Ղազախստանի եւ Կեդրոնական Ասիոյ միւս երկիրներուն մէջ կայ պատկառելի թիւ մը հայերու, որոնց մեծ մասը հոն գացած է Հայաստանէն, եւ անոնց հետ հայկական աշխարհը ունի առաւել կամ նուազ չափով կապեր, յարաբերութիւններ, գործակցութեան դաշտեր (յիշեալ երկիրներուն մէջ ապաստան գտած հայերուն գլխաւոր դերակատարութիւնը՝ հայրենիքին մէջ մնացող ընտանիքներուն նիւթական օժանդակութիւն հասցնելն է: Հոն կան նաեւ, օրինակի համար, խորհրդային տարիներուն Սիպերիա աքսորուածներու ժառանգորդներ):
(*) 2022-ը հռչակուած է Սփիւռքի տարի: Նախորդ տարիները ունեցան այլ խորագիրներ: Այս սիւնակներով, փորձ կ’ընենք, առանց մեծ յաւակնութիւններու՝ ընթացիկէն քիչ մը աւելի լայն տարածքով եւ հորիզոններու դիմաց դիտել մարտահրաւէրները:
(Շարունակելի)
Ս. Մահսէրէճեան