«Կեանքը պայքար է», ըսեր են։ Բայց ոչ ոք ըսեր է, թէ երբ կը սկսի պայքարը, կամ որո՛ւ դէմ է ան։
«Կեանքը պայքար է», ըսեր են եւ մենք ալ կուրօրէն հաւատացեր ենք։
«Կեանքը առանց նպատակի սին է», ըսեր են մենք ալ, որպէսզի փուճ կեանք մը չապրինք՝ նպատակ յօրիներ ենք մեզի համար։ Ու նպատակը մեր շալակը առած քարշ եկեր ենք հոսկէ հոն։ Եւ օր մըն ալ հրաշքով իրականացուցեր ենք այդ նպատակը։ Ապա նոր նպատակ մը մեր առջեւ դնելով շարունակեր ենք ապրիլ։ Դարձած ենք նպատակամոլներ, որո՞ւ համար, ինչո՞ւ համար։
Կեանքի աստիճաններուն վրայ մէկ վեր, մէկ վար ընելով հասեր ենք տեղ մը։ Այս անգամ ըսեր են «Է՜, յետո՞յ…» եւ նուաստներս ստիպուեր ենք «յետոյ»-ին մասին մտածել, բան մը գտեր ենք եւ որոշեր որ այս է մեր «յետոյ»-ն։  Ու ապրեր ենք` ամէն քայլափոխի բացատրութիւն տալով, ամէն հանդիպածի մեր «յետոյ»-ն պարզելով։ Ու ապրեր ենք «յետոյ»-ով , տքներ ենք «յետոյ»-ին համար։
Երբ հասեր ենք «յետոյ»-ին, պահ մը կանգ առեր ու տեսեր ենք, որ նոյն «յետոյ»-ն շատո՜նց մեր քովն էր։ Ու… հիասթափուեր ենք։ Յիշեր ենք որ ըսեր են «կեանքը պայքար է», թէեւ պայքարելու անկարող ոտքի կանգներ ու շարունակեր ենք։ Սակայն ինչո՞ւ, որո՞ւ համար, կամ որո՞ւ դէմ…:
Այս մաքառումներու ընթացքին օր մը «երազանք» ըսուած բառը լսեր ենք, ու մեզմէ շատե՜ր, շատ ու շատ շատե՜ր անտեսեր են զայն, մտածելով որ երազները քնացած մարդոց համար են միայն ու միապաղաղ կեանք մը ապրեր են՝ անհոգի, անշունչ արարած դարձած եւ նախանձեր են մնացածներուն: Մնացածներն ալ «երազանք»-ն առած կամաց-կամաց, քայլ առ քայլ աշխատեր են, բարձրացեր են բարձունքներ, նուաճեր են գագաթներ, քալե՜ր, քալե՜ր, բայց չեն յոգներ, ինկե՛ր, ինկե՛ր, բայց չեն լացեր, տրտնջացեր: Ու օր մըն ալ արթնցեր են ու տեսեր «երազանք»-ը կը ժպտի իրենց դէմքին:
Վեհան Պարսումեան