Կիրակի, 14 Օգոստոս 2022-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ սուրիական բանակի հրամանատարութիւնը հաղորդագրութեամբ յայտարարեց, թէ երէկ երեկոյեան ժամը 8:50-ին, Իսրայէլ լիբանանեան հողերէն օդային յարձակում մը գործեց Դամասկոսի Արուարձանի եւ Թարթուսի ուղղութեամբ։
Աղբիւրը յայտնեց, որ Իսրայէլ բազմաթիւ հրթիռներ արձակեց Լիբանանի հարաւարեւելեան սահմանէն, թիրախ դարձնելով Դամասկոսի Արուարձանի եւ Թարթուսի մէջ զինուորական կեդրոններ։
Յարձակումին հետեւանքով 3 զինուոր նահատակուեցաւ, արձանագրուեցան 3 վիրաւորներ եւ նիւթական բազմաթիւ վնասներ։
Աղբիւրը աւելցուց, որ սուրիական բանակի հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրին հրթիռներուն եւ վար առին անոնց մեծամասնութիւնը։