Կիրակի, 14 Օգոստոսին, ահաւոր ողբերգութիւն մը արձանագրուեցաւ Երեւանի մէջ. հրավառութեան նիւթերու մթերանոց մը պայթեցաւ, խլեց բազմատասնեակ զոհեր եւ վիրաւորներ, պատճառեց նիւթական հսկայական վնաս: Երեւանը, ամբողջ Հայաստանն ու հայաշխարհը ցնցում ապրեցան, իսկ Լիբանանի հայերը յիշեցին երկու տարի առաջ տեղի ունեցած՝ նաւահանգիստի պայթումը (համեմատութեան համար չենք արձանագրեր ասիկա):
Պայթումն ու հետեւանքները, որքան ալ ցաւալի ու ողբերգական, նաեւ՝ անկախ տարածուող այլազան մեկնաբանութիւններէն, չեն կրնար խլացնել միւս պայթումը, որ ահաւասիկ շաբաթներէ ի վեր տագնապի մատնած է Հայաստան-Արցախը, նաեւ ամբողջ Սփիւռքը: Մեր ակնարկութիւնը կ’երթայ Լաչինի անցքը քանի մը օրէն Ազրպէյճանի յանձնելու ինքնաբո՜ւխ որոշումին: Մանրամասնութիւններն ու ծալքերը ծանօթ են. Ազրպէյճան Հայաստանի կը պարտադրէ, ուժի եւ պատերազմի սպառնալիքով, պատառ-պատառ իրեն յանձնել Արցախէն ու Հայաստանէն հողեր, ու Հայաստանի խաղաղասէ՜ր իշխանութիւնը հլու կամակատարը դարձած է Ալիեւի ու անոր «պոս»-ին՝ Էրտողանի, անոնց ետին կանգնողերու: Երեւանի իշխանաւորները ո՛չ միայն բողոքի ձայն չեն հաներ, այլ Արցախի իրենց կամակատարներուն միջոցով, պայմանաժամ ճշդած են խնդրոյ առարկայ գօտիին պարպումին համար, աւելի՛ն՝ կը հրահանգեն, որ հեռացողները իրենց տուները չայրեն (ինչպէս որ ըրին քարվաճառցիներն ու սիւնեցիները՝ մօտաւորապէս երկու տարի առաջ): Սա կայծ տուած է զրոյցներու, թէ իշխանաւորները ազերիներուն խոստացած են շրջանը անվնաս յանձնել եւ նիւթական փոխհատուցում ստանալ: Ի դէպ, Աղաւնոյի բնակիչ մը Երեւանի պայթումին օրը իր ձեռքերով այրեց բնակարանը… (կցուած լուսանկարը):
***
Խելամիտ, հայրենիքին եւ իրաւունքին տիրութիւն ընող մարդ արարածին համար, շշմեցնող է եղածը: Հայաստանի մեկնաբանները արդարօրէն կ’աղաղակեն, որ յանձնումը ո՛չ մէկ ձեւով հիմնաւորեալ է, մինչեւ իսկ 9 Նոյեմբերի աղէտալի յայտարարութիւնը (հիմա անիկա արդէն սկսած է դիտուիլ իբրեւ չարեաց փոքրագոյնը) նման բան չէր նախատեսած: Յիշեցում կը կատարուի, թէ ամիսներէ ի վեր, ընդդիմադիր իրազեկ անհատներ եւ խմբակներ ահազանգ ահազանգի ետեւէ հնչեցուցին, թէ՝ Աղաւնոյ-Բերձոր գօտին շուտով պիտի յանձնուի, իսկ պաշտօնական Երեւանն ու Ստեփանակերտը պատասխանեցին՝ «կը ստեն, կը չափազանցեն», յայտարարեցին՝ որ բոլոր ըսուածները ճիշդ չեն, թէ՝ «պիտի պայքարինք Բերձորի համար» եւ այլն: Հիմա, տերեւ մը իսկ չունին իրենց սուտերու այս վերջին շարանը ծածկելու համար:
Հարցը իր պարզագոյն տարազին մէջ հետեւեալն է. «Ալիեւ եւ իր հովանաւորները կը պահանջեն, մենք ալ պիտի տանք» (ուրախութեա՞մբ, տխրելո՞վ. կարեւոր չէ): Եւ ի զուր չեն այն նշումները, թէ մեր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, Հայաստանի իշխանութիւնը դարձած է մեր դարաւոր թշմանիին գործակատար-կամակատարը, հայկական հողեր կը պարպէ հրահանգով: Ստալիններու հոգին կը հրճուի…
***
Կարելի՞ էր, տակաւին կարելի՞ է կասեցնել հայրենի հողերուն կորուստը:
Խելամիտ ու հայրենասէր մարդիկ կը պատասխանեն՝ այո՛, կարելի է. անոր համար, անհրաժեշտ է, որ Հայաստանի իշխանութիւնը վերջ տայ աղէտաբեր այն քաղաքականութեան, որ մեր հայրենիքին մէջ կը կիրարկուի «Թաւշեայ յեղափոխութեան» առաջին փուլէն ետք: Յիշեցումներ կը կատարուին. Խրիմեան Հայրիկ, «Հայկական Նեմեսիս», Արցախեան յաղթական հերոսամարտեր, հազարաւորներու զոհաբերութեամբ ազատագրուած հայկական հողեր…: Ասոնց կողքին՝ դիւանագիտական մեքենային պարտականութիւնները, Հայաստանի դաշնակիցներուն (միայն մէկը չէ) հետ աւելի իմաստուն յարաբերութիւններ եւ գործակցութեան վերականգնում, մանաւանդ… Սփիւռքի բազուկին օգտագործումը ի սպաս մեր հողերու եւ իրաւունքնրուն պաշտպանութեան (չերկարենք):
Կրկնենք. շշմեցնող է, որ (ինչպէս կ’ակնկալուի ոեւէ արդարատենջ ժողովուրդէ) մեր ունեցած կարելիութիւնները թողած ենք լուսանցքի վրայ եւ կը վազենք դէպի անձնատուութիւն, հայրենիքի ամբողջական կորուստ: Բթացած է անկախ եւ ինքնիշխան, ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ տիրութեան մեր զգացումը, գիտակցութիւնը: Երէկ չտեսանք, որ Արցախի կորուստը (մեծ մասին կորուստը) ինչպիսի՜ վտանգի տակ կը դնէր նոյնինքն Հայաստանը՝ սկսելով Սիւնիքէն ու սահմանամերձ գօտիներէ: Այսօր կարծէք թէ կոյր կը ձեւանանք այն վտանգներուն հանդէպ, թէ՝ Լաչինի անցքին ազերիական հսկողութեան տակ անցնելով, Արցախի մնացեալ շրջանը իրողապէս կը դրուի ամբողջական պաշարումի մէջ, իսկ Ալիեւ բառերը չի ծամծմեր, մեր խաղաղասէ՜ր ու ցնորամիտ վարիչներուն սպառնալով, որ Արցախի հայերը առանձնաշնորհումներ պիտի չունենան (այսինքն՝ Արցախի մնացեալ բաժինը շուտով կրնայ հայաթափուիլ), ձեռք բերուելիք գիւղերուն մէջ, եկեղեցիները մզկիթի պիտի վերածուին, հայութեան հետքերը պիտի ջնջուին (Շուշիի եւ այլ խլուած աւաններէու մէջ այդ գործը արագ թափով կ’ընթանայ), վաղն ալ կարգը պիտի գայ… «Զանգեզուրի միջանցք»ին խլման: Իսկ մեր իմաստո՜ւն կառավարիչները բռնագաղթի հանուողներուն կը թելադրեն յուշարձաններ ու գերեզմաններ տեղափոխել, սակայն նաեւ կը սպառնան, որ տունը այրողին փոխհատուցում պիտի չկատարուի: Եւ չափազանցութեա՞ն կ’երթան անոնք, որոնք կասկած կը յայտնեն, թէ այս վարիչները արդէն Ալիեւէն գանձած են այդ բնակավայրերուն փոխարժէքը: Պարոյր Սեւակն ու սերնդակիցները եթէ այսօր ողջ ըլլային, նոյնքան ուժեղ պիտի աղաղակէին. «Ե՛կ, վարդապե՛տ, ու մի՛ խենթենայ…»: (Անշուշտ կան ողբերգութեան այլ «մանրուքները». փոխադրամիջոցներու սակաւութիւն եւ չարաշահում, ապիկար կարգադրութիւններ, լքուող բնակարաններու հայերու ձեռքով կողոպուտի դէպքեր, անտիրութիւն…)
***
Շշմեցնող է մանաւանդ այն, որ տակաւին կայ ստուար զանգուած մը, որ չի տեսներ այս բոլորը, կը յամառի հաւատալ սուտերուն եւ խաբէութեանց, կը մնայ կրաւորական, ոտքի չի կանգնիր ու չ’աւլեր-չի տանիր հայրենիքն ու պետականութիւնը մասնավճարներով կորսնցնող իշխանաւորները: (Ի՜նչ տարբերութիւն պատառ-պատառ տալուն եւ միանուագ նուիրելուն միջեւ…)
Ճի՛շդ է. մէկէ աւելի նախաձեռնութիւններ ոտքի հանուած են. ընդդիմադիր ճակատը նախ հրապարակ եկաւ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ով, այս տարի երկար ատեն ահազանգ հնչեցուց «Զարթի՛ր, Լաօ՛» նշանախօսքով: Վերջին օրերուն, անհատ քաղաքական դէմքեր այլ նախաձեռնութիւններու կը դիմեն եւ կոչեր կը հնչեցնեն, որպէսզի ժողովուրդը բանայ աչքերը, բոլորուի ընդդիմադիրներուն շուրջը, օրինական միջոցներով վտարէ թշնամիին իրողական գործակալները: Մէկը չէ, երկուքը չէ, այլ ամէն մարդ կը պոռայ, թէ Հայրենիքը կորստեան կ’երթայ, եւ սակայն, մարդիկ տակաւին գերի կը մնան «հիներ»-«նորեր» կեղծիքին, տակաւին կը փորձեն այս կամ այն անհատը պատասխանատու նկատել պատուհասին, մեր գլուխներուն ինկող «Դամոկլեան սուրերուն», անտեսելով այն իրականութիւնը, որ անհատները՝ պատասխանատուութեան, յանցանքի ի՛նչ բաժին ալ որ ունեցած ըլլան, անհատ ըլլալէ չեն դադրիր, մինչդեռ ՀԱՅՐԵՆԻՔՆ ՈՒ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ վեր են անհատներրէն: Անհատները գնայուն են, Հայրենիքն ու պետականութիւնը պէտք է ճանչնալ իբրեւ մնայուն արժէք: Թուրք-ազերին Հայաստանը չի դիտեր այս կամ այն անհատին «չափանիշ»ով, այլ ունի յստակ ծրագիր՝ Հայաստանն ու Հայ ժողովուրդը միանգամընդմիշտ վերցնել համաթուրանական քարտէսին իրականացման ճամբէն: Եւ այս բոլորէն ետք, կան ցնորամիտներ, որոնք տունը նստած՝ ընդդիմադիրները կը մեղադրեն…
Թուրքիա պետական ա՛յս ծրագիրը մշակած է ու կը հետապնդէ ահաւասիկ աւելի քան մէկ դարէ ի վեր: Հայ ժողովուրդը՝ մենք, թէ՛ անցեալին, թէ՛ այսօր շատ լաւ գիտենք այս բոլորը (իսկ եթէ իշխանաւորները չեն գիտեր, ժողովուրդն ու հայրենիքը ստիպուած չեն կրելու անոնց տգիտութեան հետեւանքները): Անհաւասար ճակատումներ մղած ենք ռազմադաշտերու վրայ եւ դիւանագիտական քուլիսներու մէջ, կրկի՛ն ու կրկի՛ն յաջողած ենք ձախողութեան մատնել թշնամին: (Պէ՞տք է երթանք մինչեւ Հայկ Նահապետ…)
Ինչպէ՞ս:
Որովհետեւ Հայ ժողովուրդը, ԱՄԲՈՂՋ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ դարձած է ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ, տուած է զոհ, ունեցած է կորուստ, սակայն չէ մոռցած իր կարողութիւնները, չէ կորսնցուցած ինքնավստահութիւնը, որոնք իրեն ներշնչուած են ֆետայիէն, քաղաքական-պետական գործիչներէ, նոյնի՛նքն Արցախեան ահեղ ճակատումներէն, սակայն ո՛չ երբեք՝ պարտուողականութենէ եւ թշնամիին կամակատարը դառնալու գիտակից սայթաքումներէն:
Ներկայիս տիրող մտածողութեան մէջ հիմնական բարեշրջում մը հրամայական է, եւ անիկա պէտք է կատարուի այսօ՛ր իսկ: Պէտք չէ բաւարարուիլ՝ ըսելով, որ կայ իշխանութեան դիմաց կանգնող, անոր վնասարար ընթացքը արգելակող (երբեմն յաջող, երբեմն անյաջող) ընդդիմադիր ճակատ մը՝ խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական ընդդիմադիր ճակատը (ասիկա բնականաբար չ’ընդգրկեր իշխանաւորներուն թմբկահար «ընդդիմադիրները»): Պահն է, որ ամբողջ ժողովուրդը, ԱԶԳՆ ԱՄԲՈՂՋ ինքզինք զգայ ընդդիմադիր ճակատ, Հայաստանէն մինչեւ Արցախ, բանակայինն ու որդեկորոյսը, հող կորսնցնողն ու վտանգուած հող ունեցողը, մինչեւ իսկ իշխանութեան թմբկահարները, «քալող»ները, արտերկրի մօտակայ օճախներէն մինչեւ հեռաւոր սփիւռքներ, բոլո՛րը, բոլորը պէտք է ձեռքերը գործնապէս միացնեն՝ քաղաքական ու ուժական բազուկներով Ո՛Չ ըսելու համաթուրանականութեան լիացման, Ո՛Չ ըսեն այդ ծրագիրին սայլին լծուած, այդ սայլը յառաջ տանող իրողական վարձկաններուն (եւ սա ամէնէն մեղմ որակումն է անոնց հասցէին):
25 Օգոստոսը՝ Լաչինի գօտիին յանձնումի թուականը միայն տասը օր հեռու է: Հաւանաբար մտածող ըլլայ, թէ արդէն ուշացած ենք, «եղածը եղած է» եւ կը կանգնինք կատարուած իրողութեան դիմաց (որովհետեւ շատեր նախընտրեցին, կրկնենք՝ պատանդ մնալ խաբէութեան եւ ստրկացումի երթին): Անկէ ետք կան այլ տարեդարձներ. Անկախութիւն, 44-օրեայ պատերազմի սկիզբ, 9 Նոյեմբեր (օ՜, մեր օրացոյցը որքա՜ն հարստացած է): Իրաւունքի պաշտպանութիւնը նման պայմանաժամերով չեն պարտադրուիր, եթէ ունինք կամքն ու վերջնականապէս չենք բթացուցած, սպաննած հայրենիքի տիրութեան կամքը: Հայրենի հողերէն մինչեւ սփիւռքեան երկինքներու տակ ապրող հայութիւնը ՊԱՐՏԱՒՈՐ Է ոտքը կանգնելու ի պաշտպանութիւն հայրենի հողերուն: Փրկութեան առաջին քայլը պիտի մեկնարկէ ահաւոր կորուստներուն վերականգնումի «հազար մղոնի երթ»ը: Իշխանաւորները չեն կրնար ա՛յդքան եղծած ու այլափոխած ըլլալ Հայու Ոգին:
 
Ս. ՄԱՀՍԵՐԷՃԵԱՆ
15 Օգոստոս 2022