Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տաղաւար տօնին առիթով, Մեռելոց Յիշատակի օրը, Երկուշաբթի, 15 Օգոստոս 2022-ին, հանդիսապետութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, Էսկիւրանի Ս. Աստուածածին մատրան մէջ Քեսապահայութեան աւանդութեան համաձայն Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ:
Օրուան պատարագիչն էր Առաջնորդի Օգնական Հոգշ. Տ. Մանուկ Աբղ. Պարիխանեան: Ներկայ էր նաեւ Քեսապի հոգեւոր տեսուչ Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Աբղ. Քիւրիւմեան: Պատարագի հոգեպարար երգեցողութիւնը կատարեց Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դպրաց դասի երգչախումբը: Քեսապէն եւ Սուրիոյ զանազան շրջաններէն մեծ թիւով ուխտաւորներ ժամանած էին Էսկիւրան՝ աղօթք բարձրացնելու առ Աստուած եւ Աստուածամօր բարեխօսութիւնը հայցելու:
Հուսկ, Ս. Աստուածածին մատրան շրջափակէն ներս, Սօսիի ծառին ներքեւ, Առաջնորդ Սրբազան Հօր ձեռամբ կատարուեցաւ մատաղի եւ բկեղի օրհնութիւն, որմէ ետք Հոգեհանգստեան Պաշտօն կատարուեցաւ համայն ննջեցելոց հոգիներուն խաղաղութեան համար: Սրբազան Հայրը Աստուածամօր բարեխօսութիւնը հայցելով աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, մաղթելով, որ Ամենակալին երկնառաք օրհնութեամբ սուրիահայութեան եւ յատկապէս քեսապահայութեան կեանքը առաւել ծաղկի եւ պայծառանայ:
Յիշենք, որ Քեսապի աւանդութեան համաձայն, տօնակատարութեան նախորդող գիշերը մարմանդ կրակի վրայ մինչեւ լոյս առաւօտ մատաղ կը պատրաստուի, որուն ընթացքին քեսապցիներ եւ Սուրիոյ զանազան շրջաններէն ժամանած ուխտաւորներ կը համախմբուին Էսկիւրան, միասնաբար պատրաստելու մատաղը: Անոնք, տհոլի ու զուռնայի հնչեցուցած եղանակներով եւ ժողովրդային-հայրենասիրական երգերով մինչեւ լուսաբաց տօնական մթնոլորտ կը ստեղծեն:
Օրհնուած մատաղն ու բկեղը բարեմաղթութիւններու փոխանակումով բաշխուեցան ներկայ ուխտաւորներուն։
Աւարտին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդը, ի պատիւ Սրբազան Հօր, Քեսապի համալիրէն ներս սարքեց սիրոյ ճաշ, որուն ընթացքին Քեսապի Հոգեւոր Տեսուչ Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Աբղ. Քիւրիւմեան խօսք առնելով քեսապահայութեան անունով բարի գալուստ մաղթեց եւ  շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ իր հայրական հոգատարութեան եւ Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնին նուիրուած աւանդական տօնակատարութիւնները նախագահելուն համար:
Իրենց սրտի խօսքերը արտասանեցին նաեւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ասպետ» շքանշանակիր Տիար Սեպուհ Մանճիկեան եւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տիար Կարօ Մանճիկեան, որոնք իրենց շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը յայտնեցին Սրբազան Հօր՝ իր հայրական հոգածութեան եւ Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնի բոլոր նախաձեռնութիւնները հովանաւորելուն համար։
Մտերմիկ հանդիպումին, Սրբազան Հայրը իր սրտի խօսքը փոխանցելով գնահատեց Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնին առիթով Քեսապի Թաղականութեան, Դպրաց Դասին, Տիկնանց յանձնախումբին եւ Քեսապի ազգային մարմիններուն տարած աշխատանքը: Ան շնորհաւորեց Քեսապի Հոգեւոր Տեսուչ Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Աբղ. Քիւրիւմեանը՝ Քեսապէն ներս իր հոգեւոր ծառայութեան եւ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին տնօրինումով վարդապետական լանջախաչ կրելու իրաւունք ստանալուն համար:
Սրբազան Հայրը, կրկին անգամ շնորհաւորեց Հոգշ. Տ. Մանուկ Աբղ. Պարիխանեանն ու Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Աբղ. Քիւրիւմեանը՝ վարդապետական լանջախաչ կրելու պատիւին արժանանալու առիթով եւ Ազգային Իշխանութեան կողմէ իւրաքանչիւրին նուիրեց գեղեցիկ լանջախաչ մը: