Համազգայինի «Լ.Շանթ» Մասնաճիւղի Վարչութիւնը գնահատելով ուսեալ տարրը, եւ կարեւոր համարելով անոր դերը ներկայ ժամանակներուն համայնքի կեանքին յառաջընթացին մէջ, իւրայատուկ նախաձեռնութեամբ մը պարգեւատրեց պաքալորիայի պետական քննութիւններուն յաջողած շրջանաւարտները։
 
Գնահատանքի հանդիպումը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 13 Օգոստոս 2022-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Ահարոնեան» կեդրոնէն ներս, ներկայութեամբ աշակերտներու ծնողներուն եւ համալսարանական հրաւիրեալ երիտասարդներու։
 
Վարչութեան ատենապետուհի Սոնա Անտրեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, բարձր գնահատելով շրջանաւարտներուն յաջողութիւնն ու ձեռքբերած պատուաբեր արդիւնքները։
Ապա ան ամփոփ գիծերու մէջ ծանօթացուց շրջանաւարտները համազգայինի պատմութեան, հիմնադրութեան եւ Սփիւռքի տարածքին ծաւալած ազգապահպան առաքելութեան, դիտել տալով որ Համազգայինը Սփիւռքի կազմակերպման աշխատանքներուն մէջ առանցքային դերակատարութիւն ունեցաւ, հանդիսանալով հայ ժողովուրդի ինքնութեան, ազգային մշակութային ժառանգութեան պահպանման ռահվիրան։ Ան տեղեկութիւններ փոխանցեց նաեւ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան միաւորներու եւ մասնաճիւղերու գործունէութեանց մասին։
 
Այնուհետեւ համալսարանական երիտասարդները կարգով ներկայացուցին համալսարանի տարբեր ճիւղերուն մասին ընդհանուր տեղեկութիւններ, ինչ որ օգտաշատ պիտի ըլլայ շրչանաւարտներուն համալսարանի ճիշդ ընտրութիւն կատարելու համար։
Այսպէս՝ Մայրենի Եալնըզեան ներկայացուց Բժշկութեան, Արազ Պրունսուզեան` Ատամնաբուժութեան,
Աշխէն Ուրֆալեան` Դեղագործութեան,
Ցոլեր Քիւրտեան` Անգլերէն գրականութեան եւ Յակոբ Գարակէօզեան` ելեկտրաճարտարագիտութեան ճիւղերուն մասին տեղեկութիւններ։
 
Աւարտին, ատենապետուհին բարձր գնահատեց համալսարանական երիտասարդները, որոնք մասնագիտական հմտութեամբ լաւագոյնս ներկայացուցին իրենց մասնագիտութիւնը եւ լուսաբանեցին շրջանաւարտները, որպէսզի անոնք ինքնավստահ եւ հաստատ քայլերով անցնին համալսարանական ուսման փուլ։
 
Սոյն նախաձեռնութիւնը պատեհ առիթ ստեղծեց ի մի խմբելու երիտասարդութիւնը՝ Համազգայինի յարկէն ներս, որպէսզի իրազեկ դարնան միութեան ազգային ինքնութեան եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանման առաքելութեան ու մաս կազմելով անոր, Համազգայինը հարստացնեն երիտասարդ, ուսեալ տարրով։
 
Հուսկ տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում եւ հիւրասիրութիւն, որմէ ետք առիթը ընծայուեցաւ գեղեցիկ խմբանկարներով անմահացնելու պահը։