Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Սուրիոյ զբօսաշրջութեան նախարար Ռամի Ռատուան Մարթինիի, օրհնութեամբ եւ ներկայութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, գործակցութեամբ Լաթաքիոյ զբօսաշրջութեան տնօրէնութեան եւ Քեսապի գիւղապետութեան, Շաբաթ, 13 Օգոստոս 2022-ի միջօրէին, հանդիսաւոր շուքով բացումը կատարուեցաւ Քեսապի տարեկան փառատօնին, որուն մասնակցեցան Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» Մասնաճիւղի Էսդրատային նուագախումբն ու մեներգողները, «Սարդարապատ» պարախումբը, Լաթաքիոյ «Վ. Նաւասարդեան» Մասնաճիւղի «Գեղարդ» պարախումբը, ՀՄԸՄ-ի փողերախումբը եւ ՍՕ Խաչը։